Tuesday May 21, 2013

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

By adminx - Sat Jan 28, 7:33 am

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը

Դիւանագէտներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան կը յայտնեն, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը «այսօր (երէկ) կէսօրէ ետք ժողով մը պիտի գումարէ Սուրիոյ կացութեան շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար»: ՄԱԿ-ի մօտ ֆրանսական ներկայացուցչութիւնը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ յայտնեց, որ «այս ժողովը պիտի գումարուի ժամը երեքէն (Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին) սկսեալ»:

Արաբ դիւանագէտ մը իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ բանաձեւը ժողովի ընթացքին պիտի բաժնուի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն, իսկ ժողովը շարք մը երկիրներու առիթ պիտի ըլլայ հակադարձելու հոկտեմբերին ներկայացուած բանաձեւի մը Ռուսիոյ կողմէ արգելակման եւ Մոսկուայի կողմէ Արեւմուտքի համաձայնութեան չարժանացած բանաձեւի մը ներկայացման:

Նշենք, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի այսօր Նիւ Եորք կը մեկնին Սուրիոյ տագնապի լուծման արաբական ծրագիրը ներկայացնելու համար:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Սուրիոյ կացութեան շուրջ մեր բանաձեւը տակաւին սեղանի վրայ է եւ մենք անոր կառչած կը մնանք»:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիա յայտարարած է, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ արաբական-արեւմտեան բանաձեւը անընդունելի է: Ռուսիա նաեւ ընդգծած է, որ ձախողութեան պիտի մատնէ որեւէ որոշում, որ Սուրիոյ նախագահին կոչ կ՛ուղղէ իշխանութենէն հեռանալու:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement