ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՎՐԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է
By adminx - Sat Jan 28, 7:31 am
«Ափսնի.ճը» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի յանձնակատար Կունթըր Էթինկըր Տաւոսի մէջ Վրաստանի վարչապետ Կիլաուրիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք վրացի լրագրողներուն յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ միջեւ միասնական ուժանիւթի համակարգ ստեղծելու նպատակով Թիֆլիսի հետ համագործակցութեամբ հետաքրքրուած է:
Ըստ Էթինկըրի, «ուժանիւթի մարզը Եւրոպայի եւ Վրաստանի համագործակցութեան հիմնական կողմերէն է»: Եւ որովհետեւ Վրաստանը շրջանի ամէնէն կարեւոր տարանցման երկիրն է, Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Թիֆլիսի հետ համագործակցիլ` ստեղծելու համար Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ միջեւ ուժանիւթի միացեալ ցանց, ինչ որ բոլոր երկիրներուն համար շահաւէտ պիտի ըլլայ:
Վրաստանի վարչապետը նաեւ քննարկած է ազրպէյճանական կազը Վրաստանի սեւծովեան ափ հասցնելու եւ այդտեղէն ալ Ռումանիա ու եւրոպական այլ երկիրներ ուղարկելու մասին առաջարկը:






