ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ
By adminx - Fri Jan 27, 7:54 am
Թրքական օրաթերթերու մեծամասնութիւնը իրենց չորեքշաբթի օրուան թիւերուն մէջ անդրադարձան Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման վերաբերեալ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ օրինագիծի որդեգրումին վերաբերեալ ֆրանսական կարգ մը օրաթերթերու անդրադարձին:
«Հիւրրիյէթ», «Թիւրքիյէ» եւ «Սապահ» օրաթերթերը, մեկնաբանելով Էրտողանի յայտարարութիւնները, շեշտեցին, որ ան օրինագիծը «անարժէք եւ անվաւեր» նկատած է: «Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած հայկական օրինագիծը ցեղապաշտութենէ այլ բան չէ: Ատիկա Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամութեան մը վրայ հիմնուելով քուէներ շահելու փորձ է: Օրինագիծը անարդար է թէ՛ ֆրանսական եւ թէ՛ եւրոպական պատմութիւններուն համար»:
Ինչ կը վերաբերի նախարար Պաղըշի յայտարարութեանց, «Թիւրքիյէ» կը հաղորդէ, որ ան ըսած է, որ «մենք Եւրոպան փրկելու ընթացքի մէջ ենք: Թուրքիա այսօր առաւել քան երբեք վճռակամ է Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու: Թուրքիա Եւրոպական Միութեան ուժը պիտի աւելցնէ: Իմ երկիրս Եւրոպան փրկելու կ՛ուղղուի»:
Ըստ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին, ֆրանսական «Լը Փարիզիէն» օրաթերթը գրած է, որ Ֆրանսա «ռազմավարական գործընկեր» մը կորսնցնելու վրայ է, իսկ համայնավարական «Լ՛Իւմանիթէ» օրաթերթը նշած է, որ Թուրքիա Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ հայկական օրինագիծի որդեգրումէն ետք շարունակ Ֆրանսայի պիտի հակադարձէ:
Միւս կողմէ, «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը նշէ, որ օրինագիծի որդեգրումը հաւասարապէս Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յաղթանակն է: Օրաթերթը կը գրէ. «Վերջին տարիներուն, երբ օտար երկիրներ ցեղասպանութեան մասին որոշումներ որդեգրեցին, մենք բաւարարուեցանք քննադատական փոքր ուղերձ մը յղելով: Այդ իսկ պատճառով ոչ մէկ երկիր կը խուսափի Թուրքիոյ ցեղասպանութեան կոլ խփելէն: Գիտեն` Թուրքիա քիչ մը յոխորտալէ ետք պիտի ընդունի նուաստացումը»:
«Ֆրանսայի ծերակոյտին որդեգրած որոշումը որքան Ֆրանսայի, միեւնոյն ժամանակ նաեւ Հայաստանի յաղթանակն է: Որովհետեւ Սարքոզին այսպիսի ուղիի վրայ դնողը ոչ միայն Ֆրանսայի հայ ընտրազանգուածն է, այլեւ միեւնոյն ատեն Հայաստանը»:
Թրքական օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ «մենք միջազգային մակարդակի վրայ մինչեւ իսկ չորս միլիոննոց Հայաստանի կշիռը չունինք: Ցաւալի է, բայց իրաւ»:





