Tuesday May 21, 2013

ՌՈՒՍԻԱ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻՆ ԻՐ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ՊՆԴԷ

By adminx - Fri Jan 27, 7:39 am

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու Արաբական լիկայի ջանքերուն կը զօրակցի:

Լաւրով ըսաւ, որ «անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ գործադրել առաքելութիւնը` ազգային օրակարգի վրայ եղող բոլոր հարցերուն շուրջ սուրիական իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան միջեւ համապարփակ երկխօսութեան սկսիլ, քաղաքական խորիմաստ բարեփոխումներ կատարել եւ երկիրը ժողովրդավարական ու խաղաղ կերպով արդիականացնել»:

Արապի իր կարգին յայտնեց, որ լիկան կը բաժնէ ամէն տեսակի բռնարարքներուն վերջ տալու, սուրիական կողմերուն միջեւ երկխօսութեան սկսելու գծով աճապարելու եւ արտաքին զինուորական միջամտութեան անընդունելիութեան հիմամբ` Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու կարեւորութիւնը շեշտող Ռուսիոյ տեսակէտը:

Լաւրով նաեւ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութիւնը երկարաձգելու որոշումին կարեւորութիւնը ընդգծեց:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Ռուսիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պիտի չզօրակցի արեւմտեան նոր բանաձեւին, որ կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու` նշելով, որ «մենք տեղեակ ենք, որ ֆրանսացիները Նիւ Եորքի մէջ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ մը պատրաստած են, եւ տակաւին ունինք կարմիր գիծեր, զորս Սուրիոյ հարցով որեւէ բանաձեւի քննարկման ընթացքին չենք կրնար շրջանցել»:

«Աւելի՛ն. մենք չենք կրնար զօրակցիլ առաջարկի կամ բանաձեւի մը, որ յետադարձ ուժով Սուրիոյ դէմ միակողմանի եւ առանց մեզի ու Ապահովութեան խորհուրդի միւս անդամներուն հետ խորհրդակցելու հաստատուած պատժամիջոցներ կը բովանդակէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մենք ընդհանուր առմամբ պատրաստ ենք սուրիական կացութեան բոլոր կողմերուն շուրջ մեր գործընկերներուն հետ խորհրդակցելու, սակայն կ՛ուզենք հաստատել, որ Ապահովութեան խորհուրդի սեղանին վրայ կայ ռուսական բանաձեւ մը, որուն նկատմամբ աշխատանքը չենք դադրեցուցած»:

«Մենք կը պնդենք, որ որոշումին մէջ սուրիական ներքին հարցին մէջ զինուորական միջամտութիւն չկատարելու կարեւոր յօդուածը ներառուի եւ ընդհանրապէս կոչ կ՛ուղղենք, որ արտաքին դերակատարները Սուրիոյ մէջ կացութեան քաղաքական խաղաղ լուծման օժանդակեն», ըսաւ Կաթիլով:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թրքական կողմին համար Սուրիոյ հարցով միջազգային ընտանիքին կամ Արաբական լիկային կողմէ տրուած որեւէ որոշում «ընդունելի է»:

Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «իրմէ պահանջուածը կատարելու»` յոյս յայտնելով, որ «Սուրիոյ մէջ հարցերը վերջ գտնեն այնպիսի ձեւով մը, որ արիւնահեղութիւնը կը դադրեցնէ»:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Քաթարի վարչապետն ու Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը շաբաթ օր Նիւ Եորք պիտի ուղղուին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Արաբական լիկայի ծրագիրէն տեղեակ պահելու համար:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement