Wednesday Jun 19, 2013

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

By adminx - Fri Jan 27, 7:30 am

Դոկտ. Ռանա Խան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 25 յունուար 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռոուըն Ուիլիըմզի միջկրօնական յարաբերութեանց խորհրդական դոկտ. Ռանա Խան:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ներկայ աշխարհին մէջ միջկրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, երկխօսութեան ու գործակցութեան կարեւորութեան: Դոկտ. Խան վեհափառին փոխանցեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին ողջոյնները եւ տեղեակ պահեց միջկրօնական յարաբերութեանց գծով անկլիքան եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքներուն մասին թէ՛ Անգլիոյ մէջ եւ թէ՛ այն երկիրներուն մէջ, ուր անկլիքան գաղութներ հաստատուած են: Միաժամանակ ան ուզեց հասկնալ վեհափառին տեսակէտները Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային շարժումներուն ու կրօնական զարգացումներուն գծով:

Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ ընդգծեց միջկրօնական յարաբերութեան առաջնահերթութիւնը համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ: Վեհափառը ըսաւ. «Նոյնիսկ այսօր կարելի չէ քրիստոնեայ Եւրոպային մասին խօսիլ, որովհետեւ ան եւս դարձած է բազմակրօն ու բազմամշակոյթ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է նոր մօտեցումներ որդեգրել ու աստուածաբանական նոր ըմբռնումներ մշակել այլ կրօններուն հետ յարաբերութեան շրջագիծին մէջ` բնականաբար առանց խախտելու քրիստոնէական հաւատքին հիմնական սկզբունքները»: Վեհափառը նաեւ իր տեսակէտները բաժնեց դոկտ. Խանին հետ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գծով:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement