ՖԻՊԱ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱՆՎԻԼ ՅԱՂԹԵՑ, ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
By adminx - Thu Jan 26, 8:06 am
Երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունուարին սկսան ՖԻՊԱ-ի Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան Բ. խմբակին մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանեան երկու կազմեր` Շանվիլ եւ Մութթահետ:
Այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող Շանվիլ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 98-91 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը` Տիւհոքը (Իրաք): Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սեմ Հոսքին նշանակեց 30 կէտ, իսկ անոր խմբակիցներ Կառնեթ Թոմսըն եւ Ֆետի Խաթիպ` յաջորդաբար 25 եւ 19 կէտ:
Սակայն Մութթահետ պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը, երբ պարտուեցաւ իրանեան Մահրամէն` 106-73 արդիւնքով:
Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Շանվիլ կը մրցի Էյ. Էս. Եու.ի դէմ, մինչ Մութթահետ` Տիւհոքի դէմ:






