ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՈՒՐԻՇՆԵՐԷՆ ԱԶԴՈՒՈՂ ԱՆՁ ԷՔ
By adminx - Thu Jan 26, 6:34 am
Յաճախ կը հանդիպինք անձերու, որոնք իրենք զիրենք կեանքին զոհերը կը համարեն: Ասոնք կը ձգեն, որ ուրիշներ ազդեն իրենց վրայ եւ իրենց փոխարէն որոշումներ տան: Իսկ դուք ձեր որոշումներուն տէ՞րն էք, համոզուա՞ծ էք անոնցմով, թէ՞ դիւրաւ կը տարուիք երկրորդ անձի մը կարծիքով: Պատասխանեցէք փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը.
1
Կարեւոր որոշում մը տալէ առաջ
ա.- Դուք ձեզի երկար կը մտածէք:
բ.- Շրջապատին կարծիքը կ՛առնէք:
գ.- Կը դիմէք վստահելի անձի մը կարծիքին:
2
Ձեր բարեկամները յաճախ կը զարմանան, որովհետեւ
ա.- Իւրայատուկ էք ձեր կարծիքներուն մէջ:
բ. Անզիջող էք:
գ.- Չափազանց տարուող էք:
3
Երբ առանձին էք որո՞ւ մասին կը մտածէք:
ա.- Հազուադէպօրէն առանձին կը մնաք:
բ.- Անմիջական հարազատներու մասին:
գ.- Յատուկ անձ մը չկայ:
4
Ըստ ձեզի ի՞նչ է ձեր մեծագոյն թերութիւնը
ա.- Չափազանց ինքնավստահ էք եւ մտիկ չէք ըներ ուրիշի կարծիքը:
բ.- Շատ կարեւորութիւն կու տաք շրջապատի կարծիքին:
գ. Մնայուն ձեւով կախեալ էք մէկ անձէ:
5
Հակառակ սեռէն անձ մը կը ժպտի ձեզի կը մտածէք`
ա.- Վերջապէս, ճաշակաւոր անձի մը հանդիպեցաք:
բ.- Հաւանաբար մէկու մը հետ շփոթեց
գ.- Սխալը մարդկային է:
6
Ձեր զաւակը դպրոց պիտի արձանագրէք
ա-. Ձեր անձնական փորձառութեան վրայ կը հիմնուիք:
բ.- Զանազան անձերու կարծիքը կ՛առնէք:
գ. Ձեր մտերիմ ընկերուհիին զաւկին դպրոցը կ՛արձանագրէք:
7
Ճամբորդութիւն մը կը ծրագրէք
ա.- Կը դիմէք վարկ վայելող ճամբորդական գրասենեակի մը:
բ.- Կը դիմէք ձեր բարեկամուհիներուն եւ աւելի եւս կը շուարիք:
գ.- Կը հետեւիք ձեր բարեկամուհիին կարծիքին, հակառակ որ շատ համոզիչ չէք գտներ:
8
Պիտի փափաքէիք ըլլալ
ա.- Անկախ եւ ինքնավստահ:
բ.- Փորձառու եւ ճարպիկ:
գ.- Համեստ եւ ազնիւ:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ոչ ոքի կարիքը ունիք ձեր կեանքը կազմակերպելու համար: Համոզուած էք, որ դուք յարմարագոյն անձն էք ձեզի հետ կապուած հարցեր լուծելու, ընտրութիւններ կատարելու, որոշումներ տալու: Կը ստանձնէք ձեր տուած որոշումներուն հետեւանքները, քիչ անգամ կ՛ափսոսաք, իսկ ձախողելու պարագային ոչ ոք կը մեղադրէք:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, երբ կարեւոր որոշումի մը գծով 100 տոկոսով վստահ չէք, կը նախընտրէք ուրիշներու կարծիքին դիմել եւ անոնց փորձառութենէն օգտուիլ: Ասիկա տկարութիւն կամ պատասխանատուութենէ փախուստ չէ, այլ` անդարձ սխալէ մը խուսափելու մտահոգութիւն մը:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, համոզուած էք, որ կեանքի մէջ գտած էք յարմար անձը, որուն կրնաք վստահիլ, կարծիքը առնել` բոլոր տեսակի հարցերու կապակցութեամբ: Երբ նոյնիսկ անոր տեսակէտը ձերինին չի նմանիր, առանց վարանելու` կը հրաժարիք ձերինէն եւ կ՛որդեգրէք իրը: Ձեր այս կեցուածքը ինքնավստահութեան պակասի, բայց նաեւ պատասխանատուութեանը փախուստի հետեւանք է: Ժամանակն է, որ փոխէք ձեր այս ընթացքը եւ ձեր կեանքին ղեկը առնէք ձեր ձեռքերուն մէջ:
ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ
ՓՈՒՆՋ ՋԱՀԵՐ
Վերջերս շատ նորոյթ են փունջի ձեւով ջահերը, որոնք առաւելաբար կը յարմարին նստասենեակներու, խոհանոցներու եւ միջանցքներու:
Ինչպէս նկարները կը հաստատեն այս կախուած, փունջ ջահերը շատ տեքորաթիֆ եւ իւրայատուկ են: Շուկան պատրաստը չգտնելու պարագային, կարելի է շինել տալ եւ տունը զարդարել անոնցմով:
Ստորեւ` քանի մը գեղեցիկ նմուշ:
ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ – ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ
ՀԻՒԹԵՐ
Սննդագիտական-առողջապահական սիւնակով անդրադարձանք հիւթերու եւ յատկապէս պտուղներու հիւթերու բուժիչ յատկութիւններուն մասին: Այսօրուան սիւնակով պիտի անդրադառնանք բանջարեղէններու հիւթերուն առաւելութիւններուն:
ՎԱՐՈՒՆԳԻ ՀԻՒԹ.- Կը համարուի լաւագոյն բնական միզամուղը: Ստեպղինի հիւթի հետ, կը հանէ միզաթթուն մարմինէն: Սուր եւ ձգձգուող կասթրիթներու ժամանակ կարելի չէ խմել վարունգի հիւթ:
ՇՈՄԻՆԻ ՀԻՒԹ.- Հում շոմինի հիւթը կը մաքրէ աղիքները` կանոնաւորելով ամբողջ մարսողական ուղիի աշխատանը: Շոմինի հիւթով ողողումները կ՛օգնեն լինտերու բորբոքումներուն:
ԼՈԼԻԿԻ ՀԻՒԹ.- Հարուստ է քարոթինով, երկաթով եւ Կենս. Սէ-ով: Ունի ցած ջերմուժ: Պարունակած լիքոփէն քարոթինի շնորհիւ` կը նուազեցնէ քաղցկեղի եւ սրտի հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը: Թարմ լոլիկի հիւթը կը պարունակէ մեծ քանակով կիտրոնաթթու, խնձորաթթու, որոշ քանակով թրթնջաթթու, որոնք եփելէ ետք քարերու առաջացման պատճառ կրնան դառնալ:
ԿԱՂԱՄԲԻ ՀԻՒԹ.- Եթէ ճիշդ օգտագործուի, իր պարունակած քլորի բարձր պարունակութեան շնորհիւ, որ կը մաքրէ եւ կը բուժէ աղիքային խոցերն ու բորբոքումները: Միակ անպատեհութիւնը կազերու յառաջացումն է, որոնք աղիքներու մէջ կուտակուած թափօններու քայքայման պատճառով կ՛ըլլան: Հիւթին պէտք է վարժուիլ աստիճանաբար` սկիզբը զայն խմելով ստեպղինի հիւթի հետ: Երբ մարմինը կ՛իւրացնէ կաղամբի հիւթը, կը նշանակէ, որ աղիքները լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին: Բուժման նպատակով կաղամբի հիւթը օգտագործելէ առաջ, կազերէ խուսափելու համար, կատարել մաքրող հոգնաներ: Կաղամբի հիւթը, շնորհիւ իր պարունակած ծծումբին, քլորի եւ այոտինի բարձր քանակին, ունի նաեւ մարմինը մաքրող եւ նիհարցնող յատկութիւն: Անոր թարմ հիւթը մեղրի կամ շաքարի հետ ունի խորխաբեր յատկութիւն: Կաղամբի հիւթը հաւասար քանակով խառնելով եռացած, գաղջ ջուրի հետ, օգտակար է բերանի ողողումներու համար: 300 կրամ թարմ կաղամբի հիւթը կու տայ մարմնին այնքան օրկանական սնունդ, որքան 50 քիլոկրամ եփուած կաղամբը:
ՀԱԶԱՐԻ ՀԻՒԹ.- Կը բարելաւէ քունը, ինքնազգացողութիւնը եւ կը նպաստէ արիւնաստեղծման: Հարուստ է մակնեզիոմով, փոթասիոմով եւ ֆոսֆորով:
ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐԻ ՀԻՒԹԸ.- Կը պարունակէ դիւրին իրացուող շաքար, փոթասիոմ, ծծումբ եւ ֆոսֆոր: Կը մաքրէ օրկանիզմը, համը հաճելի դարձնելու նպատակով աւելցնել ստեպղինի հիւթ:
ԱԶԱՏՔԵՂԻ ՀԻՒԹ.- Ազատքեղի հիւթը շատ ուժեղ միզամուղ է, կարելի չէ զայն
2-4 դգալէ աւելի խմել, նախընտրելի է խմել ստեպղինի հիւթի հետ: Թարմ հիւթը, նայած քարի տեսակի, կրնայ լուծել երիկամի քարերը: Ան կը նպաստէ փոքր կոնքի արեան շրջանառութեան: Ազատքեղի հիւթը հակացուցուած է յղի կիներու, երիկամներու միզամանի բորբոքումի, սուր ցիստիտի եւ փոտակրայի ժամանակ:
ՊԱՏԻՃԱՒՈՐ ԿԱՆԱՉ ԼՈՒԲԻԱՅԻ ՀԻՒԹ.- Օգտակար է շաքարախտաւոր հիւանդներուն համար: Լուբիայի եւ պրիւքսէլեան կաղամբի հիւթերը կը նպաստեն ենթաստամոքսային գեղձի կողմէն ինսուլինի արտադրութեան:
ՃԱԿՆԴԵՂԻ ՀԻՒԹ.- Իր պարունակած քոպալթին եւ երկաթին շնորհիւ` բարենպաստ դեր ունի արիւնաստեղծման, արեան կազմի բարելաւման մէջ: Յատկապէս բարենպաստ ազդեցութիւն ունի կիներու օրկանիզմին վրայ, եթէ զուգորդուի ստեպղինի հիւթի հետ: Խմելով կէս գաւաթ, օրական երկու անգամ անիկա բարենպաստ ազդեցութիւն ունի կիներու դաշտանային խանգարումներու ժամանակ: Վարունգը` լեարդի, ստեպղինը` յօդերու, ճակնդեղը` արեան, այս սկզբունքով խառնել հաւասար քանակներով այս երեք հիւթերը: Խմել կէս գաւաթ, օրը երեք անգամ, մաքրելու համար լեարդն ու լեղապարկը, արտահանելու համար միզաթթուն մարմնէն, ձերբազատելու համար աղերու կուտակումէն` փոտակրայի ժամանակ եւ բարելաւելու համար արեան կազմը: Ճակնդեղի հիւթը կ՛արագացնէ աղիքներու կծկումները, որ կարեւոր է ճարպակալման եւ փորկապութեան պարագաներուն:
ՍՏԵՊՂԻՆԻ ՀԻՒԹ.- Առաւօտեան, անօթի խմել` ստամոքս-աղիքային համակարգի աշխատանքը խթանելու նպատակով: Ստեպղինի եւ կաղամբի հիւթերու խառնուրդը ըլլալով կենս. Սէ-ի հրաշալի աղբիւր, օգտակար է յատկապէս լինտերու բորբոքումներու ժամանակ, այս պարագային կ՛օգնէ նաեւ ստեպղինի հիւթով բերանի խոռոչի ողողումը: Ստեպղինի հիւթը կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը, կը սրէ տեսողութիւնը: Պարունակելով մեծ քանակով քարոթին, անիկա կը նպաստէ մանուկներու աճին, հետեւաբար անհրաժեշտ է թերաճ մանուկներուն: Կը նպաստէ նիւթափոխանակութեան բարելաւման, արիւնաստեղծման եւ թթուածինի մատակարարման: Զայն փոքր ումպերով խմել ստամոքսի քաղցկեղի ժամանակ:
ԿԱՐՈՍԻ ՀԻՒԹ.- Կը բարձրացնէ մարմնին աշխատունակութիւնը, կը լաւացնէ ախորժակը, ունի միզամուղ եւ լուծողական յատկութիւն: Հարուստ է հետեւեալ կենսանիւթերով` Սէ, Պէ1 Պէ2, Փէ, օրկանական միացութիւններով: Մեծ քանակով բնական սոտիոմի իր պարունակութեամբ, անիկա կը նպաստէ սխալ սննդառութեան պատճառով մարմնին մէջ կուտակուած թափօններու հեռացմանը: Օրկանիզմէն չլուծուած քալսիոմը հեռացնելու նպատակով, օրական խմել կարոսի հիւթ: Հաճելի է խմել զայն համատեղելով ուրիշ հիւթերու հետ: Օրական խմելով քրաֆսի հիւթ, որ կը կարգաւորէ մարմնի ջերմութիւնը, անձը դիւրին կը տանի չոր եւ տաք օդը: Ամէնօրեայ կէս լիթր ստեպղինի եւ քրաֆսի հիւթի օգտագործումը կը վերականգնէ յօդերու կռճիկները եւ անոնց շարժողականութիւնը:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ԴԴՈՒՄԻ ԱՊՈՒՐ
Բաղադրութիւն
- Կէս քիլօ դդում` մաքրուած, լուացուած եւ շերտուած
- 1 միջակ սոխ` մանրուած
- 1 միջակ ստեպղին` մանրուած
- 6 գաւաթ հաւու մսաջուր
- Կէս գաւաթ թարմ սեր
- 1 ապուրի դգալ կարագ
- 1 ապուրի դգալ ալիւր
- Ճերմակ փոշի պղպեղ եւ աղ` ըստ պահանջի
Պատրաստութիւն
Խաշել դդումը, սոխը եւ ստեպղինը, հարիչէ անցընել` միատարր խիւս մը ունենալու համար:
Տաքցնել կարագը, աւելցնել ալիւրը, խառնել: Երբ պղպջակներ կազմուին` աւելցնել հաւու մսաջուրը եւ եփել, մինչեւ որ եռայ:
Աւելցնել դդումի խիւսը, թարմ սերը, ճերմակ փոշի պղպեղը: Խառնել եւ տաքցնել ու հրամցնել կարմրած հացի կողքին:
***
Յիշեցնենք, որ դդումը կը պարունակէ շաքար, օսլայ, փրոթէին, ֆոսֆոր, քարոթէն, Սէ, Պէ1, Պէ2 եւ Փէ Փէ կենսանիւթեր: Ամէնէն համեղները փոքր չափի, ոչ հասուն դդումներն են, զորս նախընտրելի է օգտագործել առանց կեղեւը մաքրելու:
Դդումը կը մաքրէ լեարդը եւ երիկամները, կը կանոնաւորէ աղիքներու գործունէութիւնը եւ կը պայքարի գէշ քոլեսթերոլին դէմ:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ
Եւ պէ՞տք է արդեօք
Քեզ միշտ ունենալ իմ կողքին: Ինչո՞ւ:
… Ու ես ծխում եմ,
Որ ծխի տեսքով
Այս ջլախախտիչ ագահութիւնը դուրս փչեմ ինձնից,
Ջանամ գոհանալ իմ ունեցածով,
Որ շա՜տ է այնքան:
Մի՞թէ, տէ՜ր աստուած, շատ չէ իսկապէս:
Բայց կեանքի փշոտ շարժուձեւերից, ինչպէս կեռերից,
Կախուած ճօճւում են
Ու մեզ են կանչում ագահ ըղձանքներ:
Բայց կեանքի փշոտ շարժուձեւերից, ինչպէս կեռերից,
Կախուած ճօճւում են
Կարկատանները մեր ծուատ հոգու…
Ես չե՛մ կամենում, որ իմ պատրանքը փոխուի պատանքի
Եւ յետոյ, ծուա՜տ, կախուի աշխարհի կեռերից փշոտ:
Ես սիրում եմ քեզ
Ու քեզ հետ նաեւ… անհնարինը`
Ա՛յն գոհութիւնը,
Ում չի՜ հանդուրժում մեր գոյութիւնը:
Ուրեմն ի՞նչ անել,
Ինչպէ՞ս սիրել քեզ – սիրուել քեզանից եւ…
… Էլ չուզենալ
Ոչի՜նչ աւելի.
Սեփական իղձը, դաւաճանի պէս,
Գամել չորս մեխով,
Սեփական ցաւին
Չորստապակ մեղր քսել ու կլլել`
Տհաճ, բայց բուժիչ դեղահատի պէս,
Սեփական մտքից
Կտրել ուղղանկիւն մի քառակուսի
Ու վրան գրել սեփական արեամբ.
«Եղա՜ծն էլ շատ է»,
Գրել ու մեխել սեփական ափին,
Եւ ամէն վայրկեան ընթերցել ծածուկ`
Դասը չիմացող աշակերտի պէս…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ







