Sunday May 19, 2013

ՓԼԱԹԻՆԻ. «ՄԵՐ ԱՄԷՆ ԿԱՐԵԼԻՆ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆՔ ԵՒՐՕ-2012-Ը ՇԱՏ ԼԱՒ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

By adminx - Wed Jan 25, 8:03 am

Versii.com կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի շատ լաւ ձեւով կատարենք Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:

«Եղան պահեր, երբ ափսոսացի, որ Եւրօ-2012-ի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ: Սակայն, բաւական մեծ դժուարութիւններէ ետք, յաջողեցանք յաղթահարել մեր դիմաց դրուած բոլոր մարտահրաւէրները, եւ այժմ կը կարծեմ, որ լաւապէս պատրաստուած ենք անոր: Կը կարծեմ, որ միակ հարցը կը մնայ պանդոկներու պարագան, որ սակայն լուծումի մը կրնայ յանգիլ», ըսաւ Փլաթինի:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement