ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԲԱՑՈՒՄԻՆ. «ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՅ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԲՈԼՈՐ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
By adminx - Wed Jan 25, 7:59 am
Աւելի քան 70 հոգիներու մասնակցութեամբ երէկ գիշեր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ Քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին:
Համագումարին կը մասնակցին քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւորական ու աշխարհական բարձրաստիճան պատասխանատուներ արաբական աշխարհի զանազան շրջաններէն, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայէն ու հիւսիսային Ամերիկայէն յատուկ հրաւիրեալներ: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ` գործակցութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին: Յիշեալ համագումարին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Արամ Ա. կաթողիկոսին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ համագումարին կը մասնակցին Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Մասիս վրդ. Զօպուեան:
Համագումարին բացման խօսքը արտասանեց վեհափառը: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թվւէյթ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանա եւ Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մոհամետ Սամմաք:
Բացումը կատարելով միջազգային համագումարին` Արամ Ա. կաթողիկոս «քրիստոնեայ-իսլամ միացեալ համագումարը նկատեց հրամայական անհրաժեշտութիւն մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուող արաբական աշխարհին մէջ»: Ան ըսաւ, որ «իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կը պատկանին նոյն հողին ու նոյն միջավայրին: Անոնք միասին կ՛ապրին ու միասին կը դիմագրաւեն, առաւել կամ նուազ չափով, նոյն մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները: Հետեւաբար, երկխօսութենէն անդին` անոնք պէտք է միասին գործեն»:
Անդրադառնալով արաբական աշխարին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց համագումարին, թէ «զանազան մօտեցումներ ու սահմանումներ կը տրուին. այսպէս, ոմանք ներկայ կացութիւնը կը նկարագրեն իբրեւ «արաբական գարուն» կամ «արաբական վերազարթօնք», ուրիշներ` «բռնատիրական վարչակարգերու փլուզում» ու «ժողովրդավարական գործընթացներու յառաջացում»: Տակաւին ուրիշներ զայն կը բնորոշեն որպէս «իսլամական վերածնունդ», կամ պարզապէս «վարչակարգի փոփոխութիւն»: Վեհափառին համաձայն, «այս բոլոր մօտեցումներուն կամ սահմանումներուն ետին հասարակաց մէկ իրականութիւն գոյութիւն ունի` Միջին Արեւելքը արմատական ու արագ փոփոխութեան մէջ է»: Խօսելով յիշեալ փոփոխութեան մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս ներկաները զգուշացուց երկու երեւոյթներէ.
«ա) Անհրաժեշտ է խուսափիլ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը տեսական արեւմտեան ու ընդհանրական մօտեցումներով արժեւորելու փորձերէն: Նման փորձեր մեզ կրնան սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել: Անհրաժեշտ է գոյութենական, իրապաշտ ու միջինարեւելեան հայեցակէտերով արժեւորել տեղի ունեցող դէպքերը շրջանին մէջ: բ) Արաբական աշխարհը տակաւին կը գտնուի անորոշութիւններու ու լարուածութիւններու դիմաց: Եթէ շարունակուող ներկայ կացութիւնը զինեալ բախումներու վերածուի, եւ դիմադրական շարժումներուն պակսի միասնականութիւն ու յստակ տեսիլք, շրջանը կրնայ շատ աւելի լուրջ ու աննախատեսելի վտանգներու դիմաց գտնել ինքզինք»:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ իբրեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետ, հետեւեալ առաջնահերթութիւնները կը տեսնէ.
1) «Շրջանին մէջ եկեղեցիները պէտք է խօսին մէ՛կ ձայնով ու ծրագրեն եւ գործեն միասնաբար: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը այն միակ շրջագիծն է, ուր եկեղեցիներ կրնան ու պէտք է իրենց միասնականութիւնը գործնապէս արտայայտել:
2) «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ գործակցութիւնը պէտք է ծաւալի ու խորանայ ուղղահայեաց թէ հորիզոնական տարածքներով, ներառելով այն բոլոր հիմնական մտահոգութիւնները, որոնք առնչուած են քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան: Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ պատրաստ պէտք է ըլլայ երկխօսութիւն ունենալու իսլամական բոլոր շարժումներուն հետ` ի խնդիր խաղաղ գոյակցութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:
3) «Իսլամներ ու քրիստոնեաներ, բարի դրացնութենէն անդին իբրեւ համաքաղաքացիներ, անհրաժեշտ է որ գործակցին` շրջանի ընկերութիւններուն ժողովրդավարական հիմքերը ամրացնելով, քրիստոնեաներուն քաղաքական կառոյցներուն մէջ աւելի լայն մասնակցութեան կարելիութիւն տալով եւ բոլոր տեսակի ազատութիւններ ապահովելով, որպէսզի անոնք կարենան պահել իրենց աւանդութիւնները, արժէքները եւ ինքնութիւնը` մնալով հանդերձ անբաժան մասը ընկերութեան:
4) «Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ խորապէս մտահոգ է իր ապագային նկատմամբ: Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները Արեւմուտք պիտի չդառնան զօրակցութեան համար. անոնք պիտի դառնան իրենց իսլամ համաքաղաքացիներուն` անոնց հետ բաժնելու իրենց մտահոգութիւնները եւ սպասումները: Անհրաժեշտ է, որ իսլամները իրապաշտ ու անկեղծ մօտեցումով հասկնան ու բաժնեն քրիստոնեայ համայնքներուն մտահոգութիւնները եւ դիմեն համապատասխան եւ գործնական միջոցներու»:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Չմոռնանք, որ քրիստոնէութեան ծննդավայրը Միջին Արեւելքն է եւ շրջանի պատմութեան մէջ առանցքային դեր ունեցած է քրիստոնէութիւնը: Հետեւաբար, իսլամութիւն ու քրիստոնէութիւն միասնաբար կոչուած են կերտելու նոր Միջին Արեւելք մը, ուր կը տիրէ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն, կրօնական ազատութիւն ու մարդկային իրաւունքներու ճանաչում»:
Համագումարը պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 27 յունուար:





