ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ` ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
By adminx - Wed Jan 25, 7:45 am
Միջազգային յառաջատար բոլոր լրատուամիջոցները անդրադարձան Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման:
«Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը «Ֆրանսա. Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծը որդեգրուած է» խորագիրով իր լրատուութեան մէջ կը գրէ. «Ֆրանսայի ծերակոյտը 7 ժամուան քննարկումներէ ետք հաւանութիւն տուաւ երկրին մէջ ցեղասպանութեան որեւէ դէպքի, ներառեալ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին համար քրէական պատիժ սահմանող օրինագիծին»:
«Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը գրէ. «Ֆրանսայի ծերակոյտը որդեգրեց «ցեղասպանութեան» օրինագիծը: Կայանը զրուցած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի հետ, որ այդ որոշումը «շատ հզօր քայլ» նկատած է: «Ատիկա դիրքորոշում մըն է, որ վերջ պիտի դնէ ցեղասպանութիւններու շղթային», նշած է ան:
«Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանն ալ մէջբերած է ֆրանսացի ծերակուտական Հերվէ Մարսելի այն խօսքը, թէ Ողջակիզումի եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոյն չափանիշերը պէտք է գործեն: «Եթէ մենք կասկածի տակ դնենք հրեաներու ցեղասպանութիւնը` Ողջակիզումը, մեզի պիտի պատժեն, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային այդպիսի պատիժ չկայ: Այսպիսով, մենք չենք կրնար իրաւական պատիժ ունենալ անոնցմէ միայն մէկուն համար, օրէնքին առջեւ բոլորը հաւասար են»:
Իսկ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած տեսանիւթին մէջ կ՛ըսուի, որ «Ֆրանսայի մէջ Ողջակիզումը ժխտելը արդէն քրէականօրէն պատժելի է (45 հազար եւրօ տուգանք եւ մէկ տարի բանտարկութիւն), նոյն պատիժը կիրարկելի պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային»: Պատկերասփիւռի կայանը կ՛ընդգծէ, որ օրինագիծը որդեգրուեցաւ հակառակ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն:
«Պի.Պի.Սի.» ուշագրաւ կը նկատէ այն փաստը, որ հակառակ Ֆրանսայի կառավարութեան` օրինագիծին դէմ ըլլալուն, ծերակոյտի զգալի մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկած է անոր: Մասնաւորաբար արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտարարած էր, որ օրինագիծը անիմաստ է եւ ոչ արդիւնաւէտ, ինչպէս նաեւ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վրայ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ:
«Ի. ԵՈՒ. Օպզըրվըր» կայքէջը «Թուրքիա ցեղասպանութեան ֆրանսական օրէնքին հարցով յաւելեալ պատժամիջոցներ կը սպառնայ» խորագիրով իր լրատուութեան մէջ կը գրէ, որ «ընդհանուր նախատեսութիւնը այն է, որ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նոր օրինագիծը փետրուարին ստորագրէ, քայլ մը, որուն մասին Թուրքիա յայտնեց, որ «մնայուն պատժամիջոցներով» պիտի դիմաւորուի, «եթէ (օրինագիծը) օրէնքի ուժ ստանայ»: Կայքէջը կը նշէ, որ ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Եւրոպայի տարբեր շրջաններէն եկած 15 հազար թուրքեր շաբաթ օր Փարիզի մէջ օրինագիծին դէմ խաղաղ ցոյց մը կատարած են:





