ՊԸՐՐԻ – ՈՒԱԹՔԻՆԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
By adminx - Wed Jan 25, 7:40 am
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը:
Հանդիպումէն ետք Ուաթքինզ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ բանաձեւին գործադրութեան մասին պատրաստուող տեղեկագիրը, որ յառաջիկայ փետրուարի աւարտին պիտի ներկայացուի Ապահովութեան խորհուրդին:
Ուաթքինզ դրուատեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն ջանքերը, յատկապէս վերջին ժամանակաշրջանին անոնց կողմէ ի գործ դրուող շեշտուած ճիգերը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, որ իր կարգին կը նպաստէ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Այս իմաստով Ուաթքինզ բարձր գնահատեց նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ գործակցաբար Լիբանանի սահմանային կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու առումով:
Ուաթքինզ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Տերիք Փլամպլի մօտիկ ապագային պիտի ժամանէ Լիբանան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:






