Ֆրանսայի Ազգային ժողովը երէկ` Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերեալ Ֆրանսայի Ծերակոյտին որդեգրած պատմական որոշումէն մէկ շաբաթ ետք, 188 թեր եւ 3 դէմ քուէներով որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կ՛ընդգծէ Արցախի ճանաչման հրատապ անհրաժեշտութիւնը:
Ինչպէս «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, բանաձեւին մէջ նաեւ կ՛արձանագրուին Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական ճամբով խաղաղութեան հոլովոյթը ձախողցնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու վարձկաններու տեղակայման փաստերը:
Մէկ շաբաթ առաջ Ֆրանսայի ծերակոյտը որդեգրած էր Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ համապատասխան բանաձեւ մը եւ երկրի կառավարութեան կոչ ուղղած ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Ֆրանսան չի ճանչնար Արցախի Հանրապետութիւնը: