Հայաստանի կառավարութեան որոշումով երէկ ամբողջութեամբ վերցուեցան երկրին մէջ յայտարարուած ռազմական դրութեան շրջանակներուն մէջ կիրարկուած հաւաքներու եւ գործադուլներու կազմակերպման, կայացման եւ անոնց մասնակցելու արգելքը, Հայաստանի տարածք մուտքի եւ ելքի յատուկ դրութիւնը եւ հրապարակումներու, հաղորդումներու իրականացման սահմանափակումները: Այս մասին որոշումը հրապարակուեցաւ կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ: