Երկշաբաթեայ փակումէ ետք, այսօր` երկուշաբթի, 30 նոյեմբերէն սկսեալ կը վերսկսին լիբանանեան զանազան մարզերու աշխատանքները, բացի գիշերային զբօսավայրերէն եւ սրճարաններէն: Կը վերացուի զոյգ եւ անզոյգ թիւերով ինքնաշարժներու երթեւեկի դրութիւնը, պայմանով որ գիշերուան ժամը 11:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 արգիլուի բոլոր ինքնաշարժներու եւ փոխադրական այլազան միջոցներու գործունէութիւնը:
Արդարեւ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ համավարակի յատուկ պատկան յանձնախումբի ժողովի աւարտին լիբանանցիներուն «աւետեց», թէ երկիրը աստիճանաբար պիտի վերաբացուի եւ պիտի վերացուին երթեւեկի մասնակի արգելքները: Ան աւելցուց, որ այս դրութեան կիրարկման լոյսին տակ շաբաթական հերթականութեամբ արժեւորում պիտի կատարուի` շարունակելո՞ւ, թէ վերադառնալու երկիրը «փակելու» որոշումին: Համատ Հասան նշեց, որ ինքնաշարժներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերով երթեւեկի դրութիւնը բացասական հետեւանքներ ունեցաւ համավարակի կանխարգիլման ճիգերուն վրայ:
Ճաշարաններու եւ յարակից հաստատութիւններու մէջ գործունէութիւնը յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ պիտի ընթանայ, եւ այս` խուսափելու համար նորանոր վարակումներէ:
Այս մարզի պատասխանատու մը նպատակայարմար նկատեց ճաշարանները փակել գիշերուան ժամը 11:00-ին` միաժամանակ յարգելով կանխազգուշական բոլոր միջոցառումները:
Բնականոն կեանքի վերադառնալու այս որոշումին զուգահեռ, ապահովական պատկան իշխանութիւններ խստապահանջ պիտի ըլլան կանխազգուշական միջոցառումները անտեսողներուն նկատմամբ:
Կրթական Մարզը Եւս Կը Վերսկսի
Դասաւանդութիւններուն
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպի անցնող ուրբաթ հրապարակած որոշումին հիմամբ դասաւանդութիւնները կը վերսկսին այսօր` երկուշաբթի, 30 նոյեմբերին, կրթական խառն` բնական եւ առցանց դրութեամբ: Այս գծով նախարարութեան պատասխանատուներէն Հիլտա Խուրի կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները «Քորոնա»-ով վարակուած ըլլալու պարագային զանոնք տունը պահելու եւ տեղեակ պահելու դպրոցի պատասխանատուները: Խուրի նաեւ յայտնեց, որ առցանց դասընթացքի յատուկ դասագիրքերը պատրաստ ու տրամադրելի են աշակերտութեան:
«Քովիտ 19»-ով
Վարակումները Կը Շարունակուին
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ իր ամէնօրեայ հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ վերջին 24 ժամերուն 1266 վարակուած եւ 13 մահացած արձանագրուած է Լիբանանի մէջ:
Նախարարութեան մասնագէտներէն Նատա Ղոսնի կարծիքով` համավարակը աւարտած է երկրորդ փուլը եւ կը պատրաստուի երրորդ փուլին, որ կրնայ աւելի ուժգին ըլլալ:
Համավարակի Ցունամի՞
Միւս կողմէ, տոքթ. Ժաք Մխպաթ զգուշացուց, թէ տօնական օրերէն ետք Լիբանան ականատես կրնայ ըլլալ համավարակի «ցունամի»-ի, յատկապէս եթէ կանխարգիլման միջոցառումները չյարգուին: Ան դիտել տուաւ, որ «Քորոնա»-ի յատուկ «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութիւններու հերթականութիւնը նուազած է եւ համապատասխան սարքերու քանակը կը նուազի: