26 նոյեմբերին, Գոհաբանութեան օրը, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է 23-րդ թելեթոնը, որուն կարգախօսն էր «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատք»: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժուարին իրադրութիւնը եւ յարգելով հայրենիքի համար ինկած զինուորներուն յիշատակը` թելեթոնը այս տարի տեւած է 4 ժամ` աւանդական 12 ժամուան փոխարէն, սակայն Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի համախմբուածութեան շնորհիւ հանգանակուած է 22.990.898 ամերիկեան տոլար:
«Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով` թելեթոն 2020-ի հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Արցախէն տեղահանուած եւ հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան: Նպատակն է նիւթապէս աջակցիլ այս ընտանիքներուն, շուրջ 100.000 մարդու, ապահովել բնակարաններով եւ 1 տարուան համար անհրաժեշտ տարրական պարագաներով, ինչպէս նաեւ կազմակերպել տեղահանուած երեխաներու պատշաճ կրթութիւնը», նշած է Ամերիկայի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան:
Նշենք, որ 22 նոյեմբերին սկսած ֆրանսական ռատիոթոնի ծիրին մէջ հանգանակուած էր շուրջ 3.132.000 ամերիկեան տոլար: