ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾ. ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՓՈԽԱԾ Է ԻՐ ԿԱՐԾԻՔԸ
By adminx - Mon Jan 23, 7:52 am
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ծերակոյտի նախագահ, Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ Ժան Փիեռ Պել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ իր կարծիքը փոխած է:
Պել յայտարարած է, որ իր դիրքորոշումը պիտի համընկնի օրինագիծը պաշտպանելու մասին իր կուսակիցներուն դիրքորոշման: Նշենք, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը ներկայացնող 130 ծերակուտականներուն մեծ մասը յայտարարած է, որ օրինագիծին թեր պիտի քուէարկէ:
«Ես կը պատկանիմ խմբակցութեան մը, որ արդէն արտայայտած է այդ հարցին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: Այդ հարցին վերաբերեալ իմ դիրքորոշումս պիտի համընկնի այդ խմբակցութեան դիրքորոշումին հետ», յայտարարած է Ֆրանսայի ծերակոյտի նախագահը:
Օրեր առաջ Պել յայտարարած էր, որ ինք այժմ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման նուազ հակում ունի: «Ժամանակի ընթացքին ես աւելի եւ աւելի կը հակիմ այն մտքին, որ ճիշդ չէ խորհրդարանին մէջ պատմական փաստերու առնչութեամբ օրէնքներ որդեգրել», ըսած էր ան` աւելցնելով, որ այդ օրէնքի որդեգրումը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
Ֆրանսայի խորհրդարանը անցեալ ամիս որդեգրած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը, ըստ որուն, Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եւրօ տուգանքի պիտի ենթարկուին:
Ֆրանսայի ծերակոյտը այսօր պիտի քննարկէ այդ օրինագիծը եւ անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարէ:






