Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որ շեշտեց, թէ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Մաքրոն հաստատեց, որ լիբանանցիները իրենց սննդեղէնի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ բնակարանային կարիքի առումով կրնան վստահիլ Ֆրանսայի օժանդակութեան` աւելցնելով, որ իրենք կը գործեն ՄԱԿ-ի եւ իրենց գործընկերներուն հետ` գումարելու համար լիբանանցի ժողովուրդին օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողով մը:
Մաքրոն իր նամակով շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակը` շեշտելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապը կ՛ենթադրէ յանդուգն եւ քաջ որոշումներ տալ: «Իսկ լուծումները յստակ են: Պէտք է քաղաքական ուժերուն կողմէ 1 սեպտեմբերին որդեգրուած ուղեգիծը գործադրուի, որպէսզի Լիբանանի բարեկամ երկիրները շարունակեն օժանդակել Լիբանանին: Միջազգային ընտանիքը միակ երաշխաւորն է Լիբանանի քայքայումը կասեցնելու, սակայն ատիկա իրականացնելու համար Լիբանան պէտք է բարեկարգումները կատարէ», շեշտեց Մաքրոն:
Ան նախագահ Աունին յանձնարարեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կոչ ուղղել` իրենց անձնական, համայնքային եւ յարանուանական շահերը մէկդի դնելու` ապահովելու համար լիբանանցիներու եւ Լիբանանի գերագոյն շահերը:
Մաքրոն շեշտեց, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Լիբանանի հետ իր եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան: Ան աւելցուց, որ Լիբանան միշտ կը մնայ ազատութեան եւ ուրիշին դիմաց բաց ըլլալու լաւ օրինակը:
Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք է անյապաղ կազմէ կառավարութիւն մը, որուն անդամները ըլլան ատակ անձնաւորութիւններ, որոնք կարենան խոստացուած բարեկարգումները իրագործել: «Դո՛ւք, պարո՛ն նախագահ, յատուկ պատասխանատուութիւն ունիք այս իմաստով: Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ, եւ տարի մը առաջ լիբանանցիներուն պահանջած բարեկարգումները տակաւին կարելի է իրագործել: Դուք` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ, պէտք է ընդառաջէք անոնց պահանջին», նշուեցաւ Մաքրոնի նամակին մէջ: