Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Սամիր Ժսըր, Հատի Ապուլ Հասան եւ Ալեն Աուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր:
Նիստին ընթացքին խորհրդարանի դիւանը քննարկեց այսօր` ուրբաթ, 27 նոյեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ գումարուելիք լիագումար նիստին օրակարգն ու անոր մասին որոշ քայլերու դիմելու կարելիութիւնը:
Նշենք, որ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, խորհրդարանը պիտի գումարէ մէկ օրակարգով յատուկ նիստ մը` քննարկելու համար իրաւական հաշուեքննութեան վերաբերող հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը:
Միւս կողմէ, Պըրրի անդրադարձաւ լիբանանեան մամուլին հրապարակած այն լուրին, թէ խորհրդարանը նախապէս նամակ ստացած էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին, եւ ըսաւ. «Օրին պէտք եղածը կատարեցինք եւ նամակին պատասխանեցինք»: