«ՀՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԲՆԱՋՆՋԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔԸ ՉԷ ՓՈԽՈՒԱԾ, ԱՅԼ` ԶԱՅՆ ԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ՄԵՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ
By adminx - Mon Jan 23, 7:38 am
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի նիստին սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «հրեայ ժողովուրդը բնաջնջելու փափաքը տակաւին գոյութիւն ունի, ինչպէս որ կար 90 տարի առաջ, երբ նացիները «Ֆանզիէ» ընդհանուր ժողովի ընթացքին մեր ժողովուրդի զաւակները բնաջնջելու որոշումը տուին»` նշելով, որ «այդ մէկը արգիլելու կարողութիւնը փոխուած է»:





