ՀՄԸՄ-Ի ԺՈՒՆԻԷԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԱԿՈՒՄԲԻ ԵՒ «ԺԱՆ ԱՊԱՃԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՄԱՆ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
By adminx - Mon Jan 23, 7:31 am
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 21 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Ժունիէի վերանորոգուած ակումբի եւ «Ժան Ապաճեան» սրահի բացման հանդիսութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ կատարուած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները ունկնդրելէ եւ սրահի բացման հանդիսութեան աւանդական արարողութենէն ետք հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, որ հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի անցեալը պանծալի է եւ սնունդ` նորահաս սերունդին համար: Ան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն եւ առաքելութեան:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Ատուրեան, որ նշեց, թէ մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան օրէն ունի սկաուտական եւ մարզական բեղուն գործունէութիւն` մասնակցելով բազմաթիւ մրցումներու, արժանանալով մրցանակներու եւ բարձր պահելով շրջանին անունը:
Ատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սրահի վերանորոգման եւ բացման հանդիսութեան կազմակերպման աշխատանքներուն:
Օրուան երրորդ խօսքը ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին անունով արտասանեց Կարօ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ Ժան Ապաճեան իր բոլոր կարելի միջոցներով ծառայած է ՀՄԸՄ-ին: Յարութիւնեան բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի ակումբի բոլոր անդամներուն նուիրեալ գործունէութիւնը, երբ նոյնիսկ պատերազմի պայմանները պատճառ չդարձան յուսալքումի, այլ` անոնք ամուր կամքով շարունակեցին պահպանել ակումբին երթը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Յակոբ Քէշիշեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը կը գտնուի իր 100-ամեակի սեմին, եւ այս մէկը ցուցանիշ է, որ միութիւնը կը վայելէ հայութեան սէրը, հաւատքն ու վստահութիւնը: Քէշիշեան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի վարչութիւնը միշտ ալ կատարած է իր պարտականութիւնը` գիտակցելով շրջանի հայութեան համար ՀՄԸՄ-ի եւ ակումբի դերակատարութեան:
Յակոբ Քէշիշեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ականները հաւատալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին, կը շարունակեն անսակարկ եւ անշահախնդիր կերպով կատարել իրենց աշխատանքները:
Քէշիշեան իր խօսքէն ետք պարգեւատրեց ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի վարչութեան անդամներէն Պօղոս Գսաճիքեանը, Ներսէս Գազանճեանը, Արա Պալեանն ու Ներսէս Չուպանեանը: Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով Գառնիկ Մկրտիչեան ՀՄԸՄ-ի «Արտակարգ» շքանշանը յանձնեց Ժան Ապաճեանին:
Ժունիէի քաղաքապետ Անթուան Ֆրեմ մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մէջ մեծարելու եւ գնահատելու մօտեցումը: Գնահատելով ՀՄԸՄ-ի աշխատանքը` ան ըսաւ. «Մենք հոս բոլորս ալ ՀՄԸՄ ենք»: Քաղաքապետը յայտնեց, որ հայերը շրջանի բարեկարգման մէջ ունեցած են իրենց յատուկ դերը, ինչ որ հպարտանքի արժանի է:
Իր սրտի խօսքը փոխանցելով` Ժան Ապաճեան յայտնեց, որ այս շքանշանը կը պատկանի ՀՄԸՄ-ին ծառայող իւրաքանչիւր անհատի, որ կը հաւատայ միութեան:
Հանդիսութեան վերջին պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ միութիւնները սերունդներ դաստիարակելու առաքելութիւնը ունին, եւ ՀՄԸՄ-ը ամբողջովին կը ծառայէ իր նպատակին:
Գնահատելէ ետք Ժունիէի մէջ ակումբ ունենալու կարեւորութիւնը` Գեղամ արք. Խաչերեան հաստատեց, որ Ժան Ապաճեան ակումբին գործունէութեան եւ պահպանման մէջ ունեցած է իր յատուկ դերակատարութիւնը:





