Ֆութպոլի իրաւարարներուն կողմէ օգտագործուող «ՎԱՐ» համակարգը ստեղծողները կը պահանջեն անմիջապէս դադրեցնել անոր օգտագործումը` ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին, այս մասին հաղորդեց «Սփորթց ֆայնտինկ»-ը:
«ՎԱՐ» համակարգը ստեղծողները` Անթոնիօ Իպանիես եւ Միկել Անխել Կալան կը պնդեն, որ ֆութպոլի բոլոր ֆետերասիոնները իրենցմէ թոյլտուութիւն չեն ստացած այս համակարգը ազգային ախոյեանութիւններուն ընթացքին օգտագործելէ առաջ:
Նշուեցաւ, որ ՖԻՖԱ-ն արդէն իսկ բանակցութիւններու սկսած է վերոնշեալ երկու անձերուն հետ, որպէսզի անոնք հրաժարին դատարան դիմելու գաղափարէն: