Կիպրոսի հարցով Էրտողանի հռետորաբանութիւնը կը սրէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավար Ճոզեֆ Պորել:
«Մենք կը կարծենք, որ Կիպրոսի հարցով Թուրքիոյ վերջին գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները կը հակասեն ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ առաւել եւս կը սրեն լարուածութիւնը», յայտարարած է Պորել` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Պորելի համաձայն, «Թուրքիոյ վարմունքը աւելի կը խորացնէ Անգարայի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ եղած անջատումը»:
«Մենք կը մօտենանք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ բեկումնային պահուն», աւելցուցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը: