Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ 23 նոյեմբերին պիտի մեկնի Ռուսիա եւ Ազրպէյճան` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Կ՛ենթադրուի, որ օրակարգի վրայ պիտի ներառուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիէն միջինարեւելքցի ահաբեկիչները դուրս բերելու հարցը:
Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի շրջապտոյտին մէջ Հայաստան այցելութիւն չէ նախատեսուած: