Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին պատկերասփռուած ճառով մը լիբանանցիներուն պիտի ուղղէ իր պատգամը` Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին առիթով:
Պատգամին մէջ ան պիտի անդրադառնայ նաեւ լիբանանեան ներկայ իրավիճակին:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնին` ներկայութեամբ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:
Ուազնի նախագահ Աունին տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը երէկ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութենէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ ընկերութիւնը հաստատած է, որ կը ջնջէ ելեւմուտքի նախարարութեան հետ իր պայմանագրութիւնը` Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու իմաստով:
Ուազնի նշեց, որ ընկերութիւնը դիմած է այս քայլին, որովհետեւ ան Կեդրոնական դրամատունէն իր պահանջած տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը չէ ստացած` իր աշխատանքը սկսելու համար:
«Նամակին մէջ նշուած էր նաեւ, որ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութիւնը քաջ գիտէ, որ յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին եւս կարելի պիտի չըլլայ իրաւական հաշուեքննութեան համար այդ փաստաթուղթերը ապահովել», յայտնեց Ուազնի:
Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ ի տես այս քայլին` պէտք է դիմել համապատասխան այլ դասաւորումներու` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը:
Նշենք, որ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ հետեւեալը. «Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին մէջ հրապարակուած այն յօդուածը, որուն մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն հարցով նախագահ Աունին կեցուածքներ վերագրուած են` անճիշդ են եւ ճշմարտութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին»:
Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած մէկ այլ հաղորդագրութեան մէջ հերքուեցաւ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եուվան Շթայնցի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն ընթացքին Լիբանան իր կեցուածքը 7 անգամ փոփոխութեան ենթարկած է:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Լիբանանի կեցուածքը միշտ կայուն եղած է:
Պէտք է աւելցնել, որ այսօր Լիբանանի Հանրապետութեան անունով երկրին անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններու դամբարաններուն ծաղկեպսակներու զետեղում պիտի կատարուի: