Ստորեւ կը հրապարակենք Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ճամբով Հայաստանի վարչապետին ուղղուած յուշագիրը, որ կը պահանջէ պարտուողական եւ անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը (դեսպանին յանձնուեցան 19 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ):
Արցախի 44-օրեայ արիւնալի պատերազմին վերջ դնելու նպատակով նոյեմբեր 10-ին, միանձնեայ որոշումով, ժողովուրդէն, գաղտնի, ստորագրուեցաւ մեր պատմութեան ամէնէն ամօթալի համաձայնագիրը, որ Արցախի անձնատուութեան եւ դարաւոր թշնամիի պահանջներու բաւարարումէն անդին, իր էութեամբ կը վտանգէ թէ՛ Արցախի, եւ թէ՛ Հայաստանի գոյութիւնը: Իսկ եթէ վտանգուած է հայրենիքը, ապա վտանգուած են համայն հայութեան ինքնութիւնն ու գալիք սերունդները, սփիւռքը, ազգային արժէքներն ու մշակոյթը, նաեւ ազատ անկախ եւ միացեալ հայրենիք ունենալու տեսլականը:
Հայկական սփիւռքի գոյատեւման, զարգացման եւ հայրենիքին սատար կանգնելու առաքելութիւնը պայմանաւորուած է հզօր եւ ժողովրդավար, ինչպէս նաեւ քաղաքականապէս կայուն հայրենիքով: Համերաշխութեան եւ միասնականութեան այսպիսի մթնոլորտի ցուցանիշ է նաեւ մշակութային եւ կրթական համագործակցութիւնը: Եւ այս իմաստով Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, մանաւանդ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, կապող օղակ հանդիսացաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հաստատման սրբազան գործին մէջ:
9 նոյեմբերին ձեր կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրը` բազում հերոսներու արեամբ շաղախուած, սովորական տարածքներու յանձնումէն անդին անցնելով, բարբարոս թշնամիին կը յանձնէ նաեւ մեր պատմամշակութային դարաւոր հարստութեան մէկ կարեւոր մասնաբաժինը: Անհրաժեշտ չենք տեսներ այստեղ թուարկելու, այն հազարաւոր մշակութային կոթողներն ու եկեղեցիները, բազմադարեան կրթօճախները, որոնք մետասաներորդ վայրկեանին, գրիչի շարժումով մը դուք դաւադրաբար նուիրաբերեցիք ազերի-թուրքին:
Առ այդ` կը դատապարտենք ձեր միջոցով գաղտագողի ստորագրուած պարտուողական խայտառակ այս համաձայնագիրը. դեռ աւելին` կը դատապարտենք ժողովուրդին բնական ցասումն ու ընդվզումը լռեցնելու բռնի եւ հակաօրինական ձերբակալութիւնները, հայը պառակտելու, թշնամանք սերմանելու, քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու անպատասխանատու վարքագիծը, կը պահանջենք ձեր անյապաղ հրաժարականը եւ վճռականօրէն կը խոստանանք պայքարը շարունակել մինչեւ վերջ: