Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկիզբ առաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոն մարզիչներու Ա. կարգի արտօնագիրի հերթական դասընթացքը:
Անիկա բաղկացած է քանի մը հանգրուաններէ, որոնք պէտք է իրականացուին վեց ամսուան ժամանակամիջոցին: Դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 13 ուսանողներ:
Այս Ա. կարգի արտօնագիրի դասընթացքը անոնց կու տայ համապարփակ գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կու տայ ապագային մարզելու արհեստավարժ ֆութպոլի խումբեր:
Ամբողջ դասընթացքին ընթացքին, ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած անձերը, մնայուն այցելութիւններ կատարելով, պիտի գնահատեն անոնց աշխատանքը` տալով համապատասխան գնահատական: