Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ հասաւ Կիպրոս, այսօր կը կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը, երբ կը ճակատի Մակեդոնիոյ դէմ:
Նշենք, որ այս մրցումը կ’իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. դասակարգի Բ. խմբակի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Սկզբունքով, այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Երեւանի մէջ, սակայն նկատի ունենալով, որ Արցախի մէջ պատերազմական վիճակ կը տիրէր վերջին շրջանին եւ Հայաստանի մէջ յայտարարուած էր ռազմական դրութիւն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն որոշեց այս մրցումը փոխադրել չէզոք դաշտ, որ այս պարագային եղաւ Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ գտնուող «Նէօ-ՃԻ. ԷՍ. ՓԻ.» մարզադաշտը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Իսկ իրաւարարները պիտի ըլլան Սկովտիայէն:
Հայրենի կազմին համար այսօրուան այս ճակատումը կը նկատուի շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ յաղթանակի մը պարագային գլխաւոր մարզիչ Խուաքին Քափարոսի կազմը իրաւունք պիտի ստանայ անցնելու յաջորդ հանգրուան:
Մակեդոնիա այժմ 9 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ Հայաստան 8 կէտով կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ:
Վրաստան, որ ունի 6 կէտ, կը գրաւէ երրորդ դիրքը, մինչ վերջին դիրքին վրայ կը գտնուի Էսթոնիա` 2 կէտով: Վերջինս արդէն իսկ դուրս մնացած կը սեպուի մրցաշարքէն: