Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 2020-2021 տարեշրջանին աւարտէն ետք կրնայ յայտնուիլ ազատ մարզիկի կարգավիճակին մէջ, այս մասին յայտնեց իտալական «Քուրիերէ Տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթը:
Ինչպէս ծանօթ է, իտալական ակումբը 31 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման իրաւունքը լոնտոնեան Արսենալէն ձեռք ձգեց 2020-ի ամրան: Անոր պայմանագիրը կ’աւարտի յունիս 2021-ին:
Ա. Էս. Ռոմա այդ պայմանագիրը մէկ տարիով երկարաձգելու կարելիութիւն ունի: Պայմանագիրը չերկարաձգելու պարագային, Մխիթարեան կը դառնայ ազատ գործակալ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, Ռոմայի ղեկավարութիւնը գոհ է ընթացիկ տարեշրջանին Հայաստանի հաւաքականի խմբապետին ելոյթներէն:
Այլ գետնի վրայ նշուեցաւ, որ Մխիթարեան «Քալչիօ»-ի ընթացիկ տարեշրջանին ամէնէն շատ էսիսթ կատարած ֆութպոլիստն է: Ան իր մասնակցութիւնը բերելով 7 մրցումի, ցարդ նշանակած է երեք կոլ եւ կատարած չորս էսիսթ: