ԵՈՒԵՖԱ Եւրոպայի երկիրներու լիկայի խմբային փուլի նախավերջին հանգրուանին Վրաստանի հաւաքականին Թիֆլիսի մէջ յաղթելէ ետք, Հայաստանի հաւաքականի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Կապառոս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն ըսաւ.
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի հաւաքականին բոլոր ֆութպոլիստներուն: Շատ միասնական խաղացինք, մեծ ջանքեր գործադրեցին: Անոնք ցոյց տուին, որ ունին մեծ սէր եւ քաջութիւն իրենց երկրին պատիւը պաշտպանելու: Մարզական մրցումներու մէջ ենք, եւ միշտ կը խաղանք յաղթանակի հասնելու նպատակով:
Գիտէինք, որ բարդ պիտի ըլլայ, քանի որ Վրաստանի հաւաքականը ունի շատ ուժեղ խումբ, հինգ տարի կ՛աշխատի նոյն մարզիչին ղեկավարութեամբ: Այդ պատճառով ֆութպոլիստներուն աշխատանքը շատ կարեւոր էր:
Այստեղէն անմիջապէս կը մեկնինք Կիպրոս եւ մակեդոնացիներու դէմ խաղին պիտի պատրաստուինք նոյն նուիրումով: Մակեդոնիան նոյնպէս ունի շատ լաւ խումբ», ըսաւ Կապառոս:
Դաւիթ Եուրչենքօ. «Այս Յաղթանակը
Ձեր Բոլորին Համար Է»
Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ յաղթանակէն ետք յայտնեց իր տպաւորութիւնները:
«Այս յաղթանակը թարմ օդի շունչ է բոլորիս համար այս ծանր պահուն: Այս յաղթանակը ձեր բոլորին համար է», «Ինսթակրամ»-ին մէջ գրած է Քարականտայի Շախտիոր ակումբին բերդապահը` նոյնպէս տեղադրելով գնդակը զսպելու պահը:
Տիգրան Բարսեղեան Վրաստանի Դէմ Խաղացած Է
Հայ Զինուորին Նուիրուած Ֆութպոլի Կօշիկներով
Ֆութպոլի Հայաստանի հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան վրացիներու դէմ մրցումին դաշտ ներկայացած էր հայ զինուորին նուիրուած ֆութպոլի կօշիկներով, որոնք Հայաստանի դրօշի գոյներով եւ հայ զինուորի պատկերով էին:
Այդ մրցումին, Տիգրան Բարսեղեան, որ մաս կը կազմէ ղազախական Ասթանա ակումբին, կատարած էր կոլային 2 փոխանցում: Բարսեղեան կոլային փոխանցումներու թիւը հասցուց 4-ի, որ լաւագոյն ցուցանիշն է ԵՈՒԵՖԱ Եւրոպայի երկիրներու լիկայի խմբային փուլի այս մրցաշարքի բոլոր դասակարգերուն մէջ:
Գէորգ Ղազարեան Կրկնեց
Եուրա Մովսիսեանի Ցուցանիշը
Հայաստանի Ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, Վրաստանի դէմ մրցումին կոլի հեղինակ դառնալով, 14-րդ կոլը նշանակեց ազգային խումբին մէջ: Այդ ցուցանիշով Ղազարեան հաւասարեցաւ Եուրա Մովսիսեանին, որուն հետ կը գտնուի Հայաստանի հաւաքականի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուներու ցուցակի երկրորդ դիրքին վրայ: 32-ամեայ Ղազարեան Հայաստանի հաւաքականին հետ մասնակցած է 73 մրցումի, իսկ Եուրա Մովսիսեան` 38:
Յաջորդ Մրցումը
Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած մրցումին յաղթելէ ետք, Գ. դասակարգի Բ. խմբակին մէջ Հայաստանի հաւաքականը 8 կէտով կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ, մէկ կէտով ետ մնալով յառաջատար Հիւսիսային Մակեդոնիայէն, որուն դէմ պիտի մրցի վաղը Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ Ղասիփի դաշտին վրայ:
Ռազմական դրութեան պատճառով Հայաստանի հաւաքականը իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները ԵՈՒԵՖԱ-ի որոշումով Հայաստանէն դուրս կը խաղայ: