ԹՈՐԳՈՄ
Մանկութեանս ամէն անգամ, երբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի մրցումներուն կը տանէին զիս, ականջիս զուարճալի կը հնչէր մարզիկի մը անունը` Ճոքի:
Ինծի շատ տարօրինակ կը թուէր այդպիսի անունով հայու մը գոյութիւնը, որովհետեւ իմ անմիջական շրջապատիս եւ դպրոցին մէջ այդ անունով մէկը չկար:
Աւելի ուշ ինծի համար պարզուեցաւ, որ համակիրները զինք այդպէս կ՛անուանէին, բայց ի՞նչ էր անոր բուն անունն ու մականունը: Մեր շրջանակէն ոչ ոք գիտէր, հաւանաբար միտքերնէն իսկ չէր անցած հետաքրքրուիլ: Համակիրներուն համար մրցումի ատեն անոր անվախ, առիւծասիրտ, կրքոտ խաղարկութիւնը աւելի կարեւոր էր, քան բուն անուն-մականունը:
Ֆութպոլի ընթացիկ խաղեր չէին: Կենաց մահու պայքար կը մղուէր ի վերջոյ…
Անոր խաղերը տեսած եմ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ: Ապա երբ ուսումի համար երկրէն բացակայեցայ տասնամեակ մը, այդ ամբողջ ընթացքին ան միտքիս մէջ մնացած էր իբրեւ տոկուն յետսապահ, ՀՄԸՄ-ի պատնէշը, որուն ներկայութիւնը մրցակիցին դիմաց վստահութիւն կը ներշնչէր համակիրներուն:
Իսկ երբ ուսանող ընկերներուս անոր մասին կը խօսէի, կ՛ըսէի.
– Խաղացող մըն է, որ եթէ իրմէ մրցակից մարզիկը անցնի, գնդակը չ՛անցնիր, իսկ երբ գնդակը անցնի… մարզիկը չ՛անցնիր:
Յաճախ անոր խաղարկութիւնը եւ ոճը կը նմանցնէի ֆութպոլի 1966 թուականի աշխարհի ախոյեան, Անգլիոյ հաւաքականի միջնապահ Նոպի Սթայլզին («հիմա չնմանի» պիտի ըսէին ոմանք…):
Երբ Պէյրութ վերադարձայ, Ճոքի «կախած էր կօշիկները». տարիքի բերումով այլեւս ֆութպոլ չէր խաղար, բայց ֆութպոլով կը շնչէր եւ կ՛ապրէր:
Մնացած էր ՀՄԸՄ-ի պատնէշին վրայ:
Զինք միշտ կը տեսնէի զանազան վարչութիւններու, յանձնախումբերու, խորհուրդներու, ժողովներու մէջ: Սակայն անոր տարերքը ժողովասրահներու մէջ ըլլալը չէր, այլ` դաշտերու վրայ, մարզիկներու կողքին, գնդակի՛ն հետ:
Դաշտերուն մէջ միշտ ներկայ էր, նոյնիսկ պատանիներու մարզումներու ատեն, քաջալերելով, թելադրանքներ ընելով, ուրախանալո՛վ սկսնակներու ներկայութեամբ:
Իսկ ֆութպոլի հին աստղերէն միակն էր, որ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի ամէն մրցումի ներկայ կ՛ըլլար եւ կը տագնապէր:
Առաջին անգամ անունն ու մականունը լսեցի ՀՄԸՄ-ի ժողովի մը, երբ կարդացուեցաւ. «Եղբայր Յովհաննէս Հուսամեան»:
Նախ կարծեցի, որ սխալմունք մը եղաւ, ապա… շատ զարմացայ… եւ ի՜նչ մեղքս պահեմ, միտքիս մէջ հարցում մը ծագեցաւ. կրնա՞յ ըլլալ, որ անոր տնեցիներն ալ Ճոքի կը կանչեն զինք:
Համակիրներուն եւ պատասխանատուներուն համար ան տակաւին եղբայր Ճոքի կը մնայ, շուրջ 60 տարիէ ՀՄԸՄ-ի պատնէշին վրայ կանգուն է, նոյն ոգիով: Իր առօրեան ֆութպոլն ու ՀՄԸՄ-ն են (անշուշտ նոյնպէս` թոռնիկները, եթէ «Քորոնա»-ի պայմաններուն մէջ կ՛այցելեն):
Վերջերս հեռաձայնեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ուստային մասին «Ազդակ»-ին մէջ գրածիս համար:
– Գիտեմ, որ մարդ շնորհակալութիւն պիտի չյայտնէ, գոնէ ես յայտնեմ,- ըսաւ:
– Հարց չէ: Ինչպէ՞ս ես, եղբայր Ճոքի,- հարցուցի:
– 83 տարեկան եղայ, լաւ եմ, բան մը չունիմ, միայն տիսքի գործողութիւն եղայ, հանգիստ կ՛ընեմ կոր:
– Բան մը չէ, երբ մեծնաս, կը մոռնաս, -ըսի, հաւատալով, որ պիտի շարունակէ մեծնալ նոյն կորովով եւ ոգիով: