Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական հարցերու լուծման վերաբերեալ խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ընթացքին զոհուած են 4000 մարդեր, ներառեալ, խաղաղ բնակիչներ, վիրաւորուած են 8000 ուրիշներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը:
«Զոհերուն թիւը, ներառեալ խաղաղ բնակչութեան շարքերուն մէջ ինկած զոհերը, գերազանցած է չորս հազարը, վիրաւորներն ալ` աւելի քան ութ հազար մարդ», ըսած է ան:
Փութինի համաձայն, տեղահանուածներու թիւը, տարբեր տուեալներով, տասնեակ հազար է:
«Յոյսով եմ` մենք այլեւս չենք օգտագործեր «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ» բառակապակցութիւնը: Յոյսով եմ` շուտով պիտի անցնինք այլ հարցերու քննարկման», աւելցուցած է ան: