Ռուսիան չէ լքած հայերն ու Հայաստանը, այլ գործադրած է բոլոր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման համար: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք ռուսական ու արտասահմանեան լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուած են նիւթեր այն մասին, թէ ո՛վ յաղթած է եւ ո՛վ պարտուած ստեղծուած իրավիճակին մէջ:
«Պիտի ուզէի յատուկ պատասխանել այն արտայայտութեան, թէ իբրեւ թէ Ռուսիան լքած է Հայաստանն ու հայերը: Ռուսիան ոչ թէ լքած է Հայաստանն ու հայերը, այլ գործադրած է բոլոր ջանքերը այդ իրավիճակի լուծման համար: Նախ (կիրարկած է, «Ա.») քաղաքական ուժերը` օգտագործելով դիւանագիտութիւնը, միջազգային օրէնքներն ու բանակցային հոլովոյթը, ապա այնտեղ տեղակայած է իր խաղաղապահները», շեշտած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Անոնք, որոնք այսօր մէկը միւսէն բարձր պոռալով խօսք կ՛արտասանեն պատկերասփիւռի կայանի յայտագիրներուն մէջ, պէտք է յիշեն, որ այսօրուան անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնն ու ապագան կ՛երաշխաւորեն ռուս խաղաղապահները: Ասիկա այն հարցին շուրջ, թէ որքանո՛վ Ռուսիան անկեղծօրէն հետաքրքրուած է այս շրջանի կայունութեամբ», աւելցուցած է Զախարովա:
«Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխուած զինեալները չեն անհետացած: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ այս հարցը պիտի լուծուի», ըսած է Զախարովա` աւելցնելով, որ հարցի լուծման ուղղութեամբ պէտք է ջանքեր գործադրեն բոլոր կողմերը:
«Այս շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումով հետաքրքրուած բոլոր կողմերը պէտք է ջանքեր գործադրեն զայն լուծելու ուղղութեամբ», նշած է ան: