Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեան մեկնաբանեց Եւրոպայի լիկայի խմբային փուլի երրորդ հանգրուանի` Քլուժի դէմ մրցումին նուաճած յաղթանակը:
«Արդիւնաւէտ երեկոյ Ռոմայի համար: Եւրոպայի լիկայի ամէնէն արագ կոլը` Հայաստանէն», գրած է Մխիթարեան` «Ինսթակրամ»-ի իր պաշտօնական էջին մէջ:
Եւրոպայի լիկայի Ա. Խմբակին մէջ իտալական Ռոման իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Քլուժին: Մրցումին հաշիւը առաջին վայրկեանին բացաւ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեան: