Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի (Էն. Պի. Էյ.) գործող ախոյեան Լոս Անճելըս Լէյքըրզի աստղ Լեպրոն Ճէյմս անդրադարձաւ Քամիլա Հարիսի նշանակման` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնին:
56-ամեայ Հարիս Միացեալ Նահանգներու պատմութեան առաջին ափրիկեան ծագումով կին փոխնախագահն է:
«Տիկին փոխնախագահը այս յետոյքներէն ետք: Թագուհի Հարիս», «Ինսթակրամ»-ին մէջ գրած է ամերիկացի պասքեթպոլիստը` հրապարակելով Քամիլա Հարիսի եւ Միացեալ Նահանգներու նախորդ փոխնախագահներու նկարները:
Ճօ Պայտընի` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակէն ետք, Լեպրոն Ճէյմս ընկերային ցանցերուն մէջ տեղադրած էր նախորդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նկարը` կատարելով հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Դուք հեռացուած էք»: