Saturday May 25, 2013

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ ՃՇԴՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

By adminx - Sat Jan 21, 7:49 am

Նախագահ Սլէյման` Լիբանանի համագործակցականի պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ստորագրեց թիւ 7413 հրամանագիրը, որուն հիման վրայ խորհրդարան փոխանցեց քաղաքացիութեան վերատիրանալու պայմանները ճշդող օրինագիծը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը, քաղաքական տագնապները, որոնց պատճառով կը տուժեն քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ այն համաձայնութիւնները, որոնք կը ստորագրուին անտեսելով քաղաքացիներուն շահերն եւ շրջանցելով երկրին օրէնքներն ու սկզբունքները:

Հարպ շեշտեց, որ Պաթրուն կը մերժէ Պալաայի ամբարտակին կառուցումը իրանեան ընկերութեան մը վստահիլ` աւելցնելով, որ այդ ընկերութիւնը Պալաայի ամբարտակին կառուցումը ստանձնած է քաղաքական ենթահողի վրայ հիմնուելով:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Պքերքէի հանդիպումէն բխած յանձնախումբը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ, Ժորժ Ատուան, Ալեն Աուն, եւ Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէ եւ Զիատ Պարուտ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ ներկայացուցչութեան հաւասարութիւնը ապահովող ընտրական օրինագիծը:

Յանձնախումբը նախագահ Սլէյմանի հաստատեց, որ իրենք նախանձախնդիր են Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութեան, իսլամ-քրիստոնեայ ազգային գոյակցութեան եւ երկրին ժողովրդավարութեան պահպանումին:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ Քեսրուանի տնտեսական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համագործակցականի նախագահութիւնը ժամանակաւոր կերպով ստանձնած պատուիրակութիւն մը:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահը հանգիստ կը զգայ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերն ու ղեկավարները զգաստ են եւ զգուշ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ իրադարձութեանց ունենալիք հետեւանքներուն իմաստով:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement