Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն փակ խորհրդակցութեան դրութեամբ տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու շուրջ ձեռք բերած համաձայնութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի մէջ իր աղբիւրին:
«Այսօր Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պատմած է Մոսկուայի, Պաքուի ու Երեւանի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի մասին ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին», նշած է գործակալութեան զրուցակիցը` ընդգծելով, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է դռնփակ ձեւաչափով: