Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման թուրք խաղաղապահներու մասնակցութիւնը անկարելի է առանց Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութեան, սակայն այդ հարցը չէ քննարկուած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան պատրա՞ստ է համաձայնելու շրջանին մէջ թուրք խաղաղապահներու ներկայութեան, Քրեմլինի բանբերը ըսած է. «Այդ հարցը չէ քննարկուած»:
«Ատիկա չի կրնար քննարկման նիւթ ըլլալ միայն Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ: Ատոր պէտք է համաձայնութիւն տան Հայաստանն ու Ազրպէյճանը», ըսած է Փեսքով` աւելցնելով. «Նման համաձայնութիւններ չեն եղած»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նախապէս յայտնած էր, որ ռուսական պատուիրակութիւնը կը պատրաստուի այսօր Թուրքիա այցելելու` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միացեալ հսկողութեան կեդրոն ստեղծելու հարցը:
«Կարեւոր կը նկատենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսիոյ դիրքորոշումը: Ուրբաթ ռուսական պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Թուրքիա` քննարկելու համար Ղարաբաղի մէջ միացեալ հսկողութեան կեդրոնի ստեղծման մանրամասնութիւնները», նշած է Չաւուշօղլու: