Երէկ` հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու նախաձեռնած հանրահաւաքի մասնակիցները Մատենադարանի մօտակայքէն երթով ուղղուեցան դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնք:
Նախանցեալ օր եւ երէկ հանրահաւաքներու վայրերէն եւ իրենց գրասենեակներէն բերման ենթարկուած են մօտ 100 ցուցարար եւ բողոքող: Բերման ենթարկուելէ ետք ձերբակալուած են Բարգաւաճ Հայաստան, Հայրենիք եւ ՀՅԴ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Ձերբակալուածներու շարքին են Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Հայրենիք կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Բերման ենթարկուած եւ ձերբակալուած են նաեւ Գեղամ Մանուկեան, Արծուիկ Մինասեան եւ ուրիշներ:
Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող
Քաղաքական Ուժերու Մամլոյ Ասուլիսը
Արցախի մէջ իր սեւ գործը կատարած քաղաքական իշխանութիւնը որոշած է նաեւ Հայաստանի մէջ որդեգրել քաղաքական բռնաճնշումներու քաղաքականութիւն` փորձելով լռեցնել մեզ, փորձելով հայ ժողովուրդի վիրաւորուած արժանապատուութիւնը բռնութեան գործիքներով լռեցնել: Այս մասին երէկ` 12 նոյեմբերին, ՀՅԴ գրասենեակին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքական ուժերու մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան:
«Վստահաբար մեզ լռեցնելը պիտի չյաջողի, որովհետեւ մեզի հետ է հայ ժողովուրդը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Մենք չենք պատրաստուիր վերցնել մեզի նետուած անարժանապատուութեան սեւ ձեռնոցը, մենք չենք ուզեր հաշտուիլ այս սեւ էջին հետ: Մեզի համար թանկ է մեր որդիներու թափուած արիւնը, թանկ է մեր երկրին ճակատագիրը: Մենք վստահ ենք, որ այս տեսակէտները կը կիսէ մեր հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը:
Մենք այսօր գործ ունինք անձնատուութիւն իրականացուցած իշխանութեան հետ, որ պատասխանատուութիւն կրելու, հարցերուն պատասխան տալու փոխարէն, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ 2,5 տարի վարուող քաղաքականութեան արդիւնքով Հայաստանը այսպիսի ստորացուցիչ վիճակի մէջ յայտնուեցաւ, երբ այսօր յայտնուած ենք քաղաքական մեկուսացման մէջ, գրեթէ անդաշնակից, այսօր Շուշիի մէջ ողբերգութիւն է, երբ այնտեղ կը հնչէ նամազը: Նման սեւ էջ ես Ցեղասպանութենէն ետք կը դժուարանամ արձանագրել: Ասիկա հայրենազրկում է: Հայրենազրկումը ցեղասպանութեան բաղադրիչն է», ըսաւ ան:
«Եթէ դուք վստահ էիք ձեր գործունէութեան մէջ, հիմա թաքստոցներուն մէջ չէիք թաքնուեր: Դուք համարձակութիւն ու արժանապատուութիւնը չունիք դուրս գալու եւ ժողովուրդին երեսին ըսելու, թէ ինչպէս վաճառուեցան մեր երազանքները, մեր երկրի ապագան: Մեզի քաղաքական ճնշումներով չէք կրնար վախցնել, մենք բոլորս քաղաքական բանտարկեալ ենք: Մենք մեր պայքարը պիտի շարունակենք», ընդգծեց Լիլիթ Գալստեան:
«Մենք ունինք յստակ տեղեկութիւններ, որ այսօր (երէկ` 12 նոյեմբերին, «Ա.») ժամը 17:00-ին, 17 կուսակցութիւններու կողմէ նախատեսուած գործողութիւններու ընթացքին սադրանքներ հրահրելու, խժդժութիւններ յառաջացնելու յստակ յանձնարարական տրուած է իշխանութիւններուն կողմէ», ասուլիսի ժամանակ նշեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Իվետա Տօնոյեան:
Իշխան Սաղաթէլեան Ազատ Արձակուեցաւ Դատարանէն,
Բայց Հրաւիրուեցաւ Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն
Երէկ երեկոյեան Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Կեդրոնի նստավայրէն ազատ արձակուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Անոր պաշտպան Լուսինէ Սահակեան լրագրողներուն տեղեկացուց, որ թէեւ ձերբակալումը ոչ իրաւաչափ ճանչցուած է, բայց թէ՛ Իշխան Սաղաթէլեանը, թէ՛ Արթուր Վանեցեանը նորէն հրաւիրուած են Յատուկ քննչական ծառայութիւն` յայտնի չէ ինչ հիմքով:
«Պայքարը պիտի շարունակուի, գերագոյն խրտուիլակը պէտք է հեռանայ եւ վերջ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան` հանրահաւաքի ելոյթներէն կտրուած ձայնով:
Իր ձերբակալութիւնը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը միանշանակ կը նկատէ քաղաքական:
Դատարանի որոշումը` ազատ արձակել ընդդիմադիր գործիչը, անոնք մեկնաբանեցին այսպէս` դատարանները հրաժարեցան օգնել իշխանութիւններուն, որ մեր հայրենիքը դիւրութեամբ յանձնեն, շարունակութիւնը կը մնայ ժողովուրդին:
Իբրեւ խօսքի եզրափակում, Իշխան Սաղաթէլեան անգամ մը եւս վանկարկեց. «Նիկո՛լ դաւաճան»:
Գեղամ Մանուկեան Ազատ Արձակուեցաւ
Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշած է ազատ արձակել ՀՅԴ անդամ, «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական-վերլուծական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեանը:
Նշենք, որ աւելի ուշ ազատ արձակուած են նաեւ Արթուր Վանեցեան, Էդուարդ Շարմազանով եւ այլ քաղաքական գործիչներ:
Յայտնենք նաեւ, որ երէկ Ազատութեան հրապարակին վրայ յանձնուողական յայտարարութիւնը մերժող եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցոյց մը կազմակերպեց նաեւ Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռը: Ոստիկանութիւնը բրտութիւն կիրարկեց` ձերբակալելով ցոյցը կազմակերպող քաղաքական ուժին գրեթէ բոլոր ղեկավարները:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 12 նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սթիւըն Պիկանի հետ: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ռուսիոյ նախագահի 10 նոյեմբերի միացեալ յայտարարութեան յաջորդած իրադրութեան շուրջ: Այս առնչութեամբ նախարար Մնացականեան ընդգծած է, որ վերոնշեալ յայտարարութիւնը ուղղուած է հրադադարի հաստատման եւ Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման եւ չի կրնար նկատուիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ հանգուցալուծում:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Իկոր Քոնաշենքով կը տեղեկացնէ, որ ռուսական խաղաղապահ ստորաբաժանումները սկսած են Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ կրակի եւ մարտական գործողութիւններու դադրեցման մասին պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերահսկողութեան խնդիրներու իրականացումը: