Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործառոյթները, ներառեալ մշակութային ու կրօնական վայրերու պաշտպանութեան հարցերը, տակաւին պէտք է յստակացուին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Խօսքը խաղաղապահ զօրակազմի մասին է: Գործառոյթները, բնականաբար, տակաւին պէտք է յստակացուին, որովհետեւ անոնք նշուած չէին երկու նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի միացեալ յայտարարութեան մէջ», ըսած է Փեսքով` աւելցնելով, որ չեն եղած նաեւ խօսակցութիւններ այն մասին, որ ռուս խաղաղապահները պէտք է պաշտպանեն նաեւ շրջանին մէջ մշակութային ու կրօնական վայրերը: Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարին համաձայն, ինք չի կրնար ըսել, թէ ատիկա խաղաղապահներու պարտականութիւններուն մէջ պիտի մտնէ՞, թէ՞ ոչ:
Ան աւելցուցած է, որ մեկնելով խաղաղապահ զօրակազմի հիմնական գործառոյթէն` ռուս զինուորները «պիտի ապահովեն զինադադարի դրութեան պահպանումն ու բոլոր զինուորական գործողութիւններուն դադրեցումը»:
Ան նշած է, որ Լաչինի միջանցքին մէջ եւս պիտի տեղակայուին ռուս խաղաղապահներ եւ «ըստ այնմ` պիտի ապահովեն այս մայրուղիի գործառոյթները: Այլ նրբութիւնները տակաւին պէտք է յստակացուին»:
Փեսքով նաեւ անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս-թրքական միացեալ խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման մասին խօսք իսկ չկայ: Անոր համաձայն, «գործակցութեան միացեալ տարածքը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի մէջ»:
«Ատիկա պիտի չըլլայ Ղարաբաղի մէջ, եւ խօսքը հսկողութեան կեդրոնի մասին է», ըսած է ան:
Այն հարցումին, թէ ո՛ր պարագային ռուս խաղաղապահները իրաւասու են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ուժ կիրարկել, Փեսքով յայտարարած է, որ չի կրնար յստակ պատասխանել:
«Խաղաղապահները կոչուած են արձանագրելու եւ պահպանելու զինադադարի դրութիւնը», նշած է ան:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Փեսքով յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման որոշումին նախորդած է պատերազմի դադրեցման ուղիներու որոնման երկարատեւ եւ լարուած հոլովոյթ:
Փեսքովի համաձայն, «ատիկա պատերազմի դադրեցման եւ հոլովոյթը քաղաքական-դիւանագիտական հուն տեղափոխելու ուղիներու որոնման լարուած գործընթացի արդիւնք եղած է»:
«Բարդ հոլովոյթ է, եւ այդ ամէնը, ինչ որ պէտք էր պատմել, պատմուած է: Ոչ աւելին», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով: