Պասքեթպոլի Հայաստանի առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը անորոշ ժամանակով առկախուած է:
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ, մեկնելով երկրին մէջ ստեղծուած կացութենէն եւ անվտանգութեան նկատառումներէն, պասքեթպոլի Հայաստանի Ա. Լիկան որոշեց կանոնաւոր առաջնութեան մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենային 10 նոյեմբերին, առայժմ անորոշ ժամանակով յետաձգել: Նոր փոփոխութիւններու պարագային կը ծանուցենք: Շնորհակալութիւն», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: