ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Պրն. Փաշինեան,
Իսկապէս, համայն հայութեան ապրած այս դժնդակ ու սեւ օրուան ընթացքին, ձեր զարմանալի, անբացատրելի եւ տրամաբանութեան եզրերը անցնող ու շարունակուող «լայվ»-երուն եւ անկապ ու ջղագրգիռ արտայայտութիւններուն այլեւս կարիքը չկայ: Նոյնիսկ անիմաստ է լսել ու այդ բոլորին արձագանգել: Բազում նահատակներու թանկ արեամբ ձեռք բերուած վերջին երեսուն տարիներուն հայ ժողովուրդի բովանդակ ներուժի ու անվերապահ զօրակցութեան կիզակէտը հանդիսացող Արցախ աշխարհի հանդէպ եղած այս ամօթալի հարուածը ինքնին արդէն հայոց պատմութեան տխրահռչակ ու մեծագոյն ցաւոտ էջը կը հանդիսանայ: Այո՛, հայոց պատմութիւնը աղքատացաւ:
Բայց այս բոլորէն ետք եւ նախքան մտածելը կորուստներու ու նահատակներու թափած արեան մասին, կարելի չէր պատկերացնել, որ դարձեալ հակադաշնակցական մաղձ ու թոյն պիտի սրսկուէր հանրութեան մէջ: Կը խորհիմ` կարիքը չկայ այլեւս մեկնաբանելու եւ վերլուծելու, թէ ինչո՞ւ են այս բոլորը: Արտօնեցէ՛ք ըսելու` երբեմն ալ սրսկումը հիմնաւորելու համար ժողովուրդը մոլորեցնող անճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցելու հարկադրանքի տակ կը գտնուիք, թերեւս ակամա՛յ:
Ազնուօրէն կ՛առաջարկեմ եւ արդարօրէն կ՛ակնկալեմ, մանաւանդ այս փուլին, որ այլեւս դադրեցնէք Դաշնակցութեան մէջ շերտեր որոնելու կամ շերտեր ստեղծելու ձեր ձախողած հնամենի փորձն ու միամիտ ընտրանքը: Հաւատացէ՛ք, դուք այլեւս պիտի չգտնէք ոեւէ երդուեալ դաշնակցական` կուսակցական կառոյցին մէջ, ինչպէս նաեւ այն փոքր խումբին անդամներուն մէջ, որոնք կազմակերպական ու կարգապահական թերացումներով ու ցուցաբերած թուլութեամբ, կեցուածքներով կամ պահուածքներով մեղանչած են ու հեռացուած կամ արտաքսուած, որոնք յագուրդ պիտի տան ձեր ախորժակներուն: Հաստատ գիտցէք, որ ձեզմով հմայուած քանի մը նախկին միամիտ դաշնակցականներն անգամ այսօր կ՛ապրին խոր հիասթափութիւն: Դուք որքան ալ դրժէք, քաջածանօթ էք Դաշնակցութեան պատմութեան եւ գաղափարական հզօրութեան: Բոլոր դաշնակցականներուն մօտ բնական է, որ պիտի տեսնէք միայն զզուանք եւ ամօթալի այս արարքը ամբողջ էութեամբ դատապարտելու դաշնակցական արժանապատիւ մօտեցում: Թող յստակ ըլլայ ձեզի նաեւ ի յառաջագունէ, որ այդ ընդվզումին մէջ պիտի չտեսնէք հայհոյալից ու աժան խօսք, որովհետեւ մեր խօսքը յանձնառու ու պատասխանատու խօսք է` խարսխուած գաղափարական անխորտակելի արժեչափերու վրայ: Կարիքը չենք զգար նաեւ մեր հայրենակերտման, հայրենաշինութեան, պահանջատիրութեան եւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մասին անդրադառնալու: Այդ աշխատանքներուն ձեռք բերուած արդիւնքը բաւարար է, որ հանրութիւնը բոլոր ժամանակներուն մնայ իրազեկ եւ արժեւորէ ու վկայէ մեր կատարած գործն ու ցուցաբերած նուիրումը: Մեզի հետ, դուք շատ լաւ գիտէք, «խաղ չ՛ըլլար»: Պրն. Փաշինեան, դադրեցուցէ՛ք այս օրակարգը, որովհետեւ ինչպէս բազմաթիւ հարցեր բիւրեղացան ու սպառեցան, Դաշնակցութեան դէմ ձեր երկուքուկէս տարուան ծաւալած պայքարն ալ այս ձեւով արդէն հասած է իր աւարտին, եւ Դաշնակցութեան մասին ձեր ջղագրգիռ արտայայտութիւնները, շանթաժները, պոռոտախօսութիւնները պարզապէս աւելիով կը բացայայտեն ձեր հետապնդած իմաստազուրկ նպատակները ու լոյսին կը բերեն դէպքերու հոլովոյթին տուն տուող հիմնական պատճառները, որոնց մասին տակաւին հայ քաղաքական միտքը առիթ կ՛ունենայ համապատասխան արժեւորում տալու: «Սիրոյ, համերաշխութեան, երջանիկ ու ազատ Հայաստանի մը երազանքի» խաբկանքը սերունդներուն մէջ դարբնելու եւ միաժամանակ անոնց մէջ ազգային պահանջատիրութիւնը նսեմացնելու վարքագիծը դժբախտաբար թէեւ ուշ, բայց արդէն հասած է իր մայրամուտին: Միայն հարց տամ, թէ ո՞ւր որոշուեցաւ Արցախ աշխարհի ճակատագիրը: Դուք օրին խոստացած էիք, թէ ատիկա կ՛որոշուի Ազատութեան հրապարակին վրայ` ժողովուրդին մասնակցութեամբ:
Դաշնակցութեան մասին արտայայտուելու համար ձեզ խորհուրդ կու տամ դիմելու ձեր մեծ խորհրդատու ու բարեկամ դաստիարակ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, եթէ տակաւին անոր խօսքը կը լսէք, կամ եթէ տակաւին ինք յուսախաբ չէ ձեզմէ: Որովհետեւ պէտք է ընդունիք, որ ձեզմէ շատ աւելի փորձառու ու իրազեկ է այս օրակարգին մասին եւ Դաշնակցութեան դէմ իր ծաւալած արշաւով հարուստ անցեալ մը ունի: Դադրեցուցէ՛ք այս տեղ չհասնող աննպատակ վարքագիծը եւ ընդհանրապէս եթէ «Դաշնակցութիւն» բառն անգամ դուք չարտասանէք, աւելի դիւրացուցած կ՛ըլլաք համազգային աղէտը կասեցնելու համահայկական ճիգերու համախմբումը եւ հաւաքագրումը: Արդէն բազմիցս արտայայտուած էք, որ այս 130 տարուան կուսակցութիւնը ձեր պրիսմակէն դիտած կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը: Այդպէս չէ՞… Հապա ինչո՞ւ մի՛շտ պրկուած` ձեր աղեղը ուղղած պահեցիք Դաշնակցութեան կողմը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր ժողովուրդին, անհոգ եղէ՛ք, անոր բազկերակը մենք շօշափել գիտենք, մենք այդ ժողովուրդին մաս կը կազմենք ու այդ ժողովուրդին համար ենք, եւ անպայմա՛ն որ Դաշնակցութեան սուրբ երդումին հաւատարիմ, դաշնակցական անհատը պիտի շարունակէ անմնացորդ ձեւով ծառայել հայրենիքին եւ աշխատիլ պարտութիւնը հակակշռել ու ազգը փրկել նոր փորձութիւններէ: Մենք սիրով կ՛ընդունինք մեր հայրենի ժողովուրդի քննադատութիւններն ու թէկուզ վիրաւորանքները նաե՛ւ, որովհետեւ մենք այդ ժողովուրդին համար ենք եւ այդ ժողովուրդին ակնկալութիւնները մեզմէ մի՛շտ ալ բարձր եւ իւրայատուկ եղած են: Մի՛շտ ալ խուսափեցաք սեղան նստիլ ու խօսիլ Դաշնակցութեան հետ եւ անոր երկարած ձեռքը մերժեցիք: Ասկէ ետք ալ բնական է, որ անիմաստ է խօսքը, իսկ ձեր յերիւրանքները, շանթաժները եւ ամբաստանութիւնները օդը կրակուած անիմաստ փամփուշտներ են: Քաղաքականութեան մէջ` ղեկավարին համար, ներազգային ճակատի վրայ, սպառնալիքներով խօսիլը կացութիւններուն տիրապետելու կարելիութենէ եւ ինքնավստահութենէ զրկուած ղեկավարի հիւանդութիւնն է: Ատելութիւն մի՛ սերմանէք, հայ մարդը այսօր վիրաւոր է, մեր հայրենիքը կաթուածահար է, Արցախը աղէտահար է: Բոլորս պէտք է ուշադիր ըլլանք համազգային այս աղէտը չծանրացնելու, որպէսզի վերականգնումի ու վերալիցքաւորման փուլը երկար չտեւէ:
Մենք անկեղծ զինուորն ենք հայրենիքին ու հայութեան, ուխտած եւ մի՛շտ պատրաստ` սիրով նահատակուելու հայութեան գերագոյն իտէալներուն իրականացման համար: Մահէն չվախցող գաղափարական մարդոց կարելի չէ սարսափի մատնել, պրն. Փաշինեան, հաւատացէ՛ք ասոր: Պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերելը առաջին հերթին եւ բոլորէն առաջ, այսօ՛ր, ձե՛ր ճիտին պարտքն է, մնացեալին մասին մի՛ մտածէք: Այո՛, նահատակներու հարազատներուն ու հայ ժողովուրդին դիմաց ամէն օր խոնարհելով կացութենէն բան չի փոխուիր: Անցնցում ու քաղաքակիրթ իշխանափոխութիւնը այլեւս հրամայական անհրաժեշտութիւն է եւ այդ քայլին պիտի ձեռնարկէք դուք` յանուն մնացեալի փրկութեան:
Սիրելի՛ եւ թանկագին ժողովուրդ, արտօնէ՛, որ ըսեմ` դուն անհրաժեշտ է գուրգուրաս հայութեան այս մեծ ազգային հարստութեան` Դաշնակցութեան վրայ, որովհետեւ հոն տեսած ես միայն ծառայութիւն, նուիրաբերում եւ ճակատագրական պահերուն հայրենիքն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դասելու գիտակցական սլացք, խոր մտածողութիւն եւ արժանավայել ու անկեղծ աշխատանք: 130 տարուան ճանապարհ անցած կուսակցութեան հետ տակաւին երկար պիտի քալես: