Իրանի բանակի հակաօդային պաշտպանութեան սպայակոյտի փոխհրամանատար Ամիր Ժատեր Ռահիմզատէ սահմանամերձ շրջաններ կատարած այցելութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած է մուտք չգործելու Իրանի օդային տարածք: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐԻՊ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն խորհուրդ կու տանք զգօնութիւն ցուցաբերել եւ ոչ մէկ պարագայի մուտք գործել Իրանի օդային տարածք: Մենք ամբողջ օրը կը հետեւինք մեր օդային տարածքի անվտանգութեան եւ վճռականօրէն պիտի դիմակայենք որեւէ յարձակողի, պիտի պատասխանենք որեւէ սպառնալիքի», յայտարարած է ան` Փարսապատի Ասլանտուզ սահմանամերձ շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին: