Լոնտոնի Արսենալի նախկին մարզիչ Արսէն Վենկեր անդրադարձած է տեսակրկնապատկերներու ՎԱՐ համակարգին, նոյնպէս յիշեց Մարատոնայի ձեռքով նշանակած կոլը:
«Ես ՎԱՐ-ի մեծ համակիր եմ եւ կը խորհիմ, որ ատիկա պէտք է ըլլայ: Ես քիչ չեմ տուժած իրաւարարական սխալներէ: Պարտութիւն կրելը ծանր է, սակայն աւելի բարդ է պարտուիլ իրաւարարական սխալներու պատճառով: Կը փորձենք նուազեցնել սխալներու քանակը:
Իմ կարծիքովս, Մարատոնայի կոլը ոչ թէ Աստուծոյ ձեռքն էր, այլ` սատանայի: Եթէ այդ խաղին մէջ գործէր ՎԱՐ համակարգ, կոլը չէր արձանագրուեր: Մարդիկ կը ցուցադրեն սխալ որոշումներ, եւ այդ ձեւով երեխաները ճիշդ չեն դաստիարակեր», ըսաւ ֆրանսացի մասնագէտը:
Տիեկօ Մարատոնա Արժանթինի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կազմին մէջ ձեռքով կոլ նշանակած էր անգլիացիներու դէմ աշխարհի 1986 թուականի ախոյեանութեան մրցաշարքի քառորդ աւարտականին, որ վերջ գտած էր արժանթինցիներու 2-1 յաղթանակով: Ապա Արժանթին նոյնպէս նուաճած էր աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը:
Այդ միջադէպէն ետք մրցումի իրաւարար Ալի Պենասերին արգիլուեցաւ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցիլ: Աւելի ուշ Մարատոնա ըսած էր, որ այդ կոլին մէջ «Աստուծոյ ձեռք»-ը կար: