Արցախա-ազրպէյճանական սահմանին ընթացող թէժ մարտերուն մէջ արիաբար զոհուած է Ռուսիոյ մէջ գործող «Լվինոյ սերծ» (Առիւծի սիրտ) մարտական ակումբի ներկայացուցիչ Գերասիմ Մանուկեան:
18-ամեայ մարտիկը Մոսկուայէն Արցախ մեկնած էր հայրենիքին պարտքը կատարելու համար, կը յայտնէ «Լվինոյ սերծ» ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը: