ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը գուժէ դաշնակցական նուիրեալ ընկեր, ազատամարտիկ ՆՈՐԱՅՐ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆի մահը:
Նորայր Շահբազեանը արցախեան առաջին ազատամարտի մասնակից է, Շուշիի առանձին հրաձգային գումարտակի ազատամարտիկ, Ապրիլեան քառօրեային` ՀՅԴ կամաւորականներու, իսկ ներկայ պատերազմին` «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան մէջ ձեւաւորուած գումարտակի բժիշկ-ազատամարտիկ, «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանակիր, պահեստազօրի սպայ` քափիթենի կոչումով:
ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ