Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն Փենսիլվանիոյ մէջ քուէներու 98 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք կը թուի մօտ ըլլալ յաղթանակի: Պայտըն մինչեւ հիմա նախագահ ընտրուելու համար պէտք եղած 270 կէտերէն 253 կէտ ապահոված է, իսկ անոր մրցակիցը` գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ` 213: Փենսիլվանիա նահանգը 20 կէտ ունի, եւ այդտեղ յաղթանակ արձանագրելով քսան կէտերը ապահովելու պարագային Պայտըն ընտրութեան մէջ յաղթանակ պիտի արձանագրէ` անկախ մնացեալ նահանգներու մէջ արդիւնքներէն:
Պայտըն նաեւ Ճորճիա նահանգին մէջ քուէներու 99 առ հարիւրին հաշուարկէն ետք չնչին առաւելութիւն ձեռք ձգած է: Նոյնն է պարագան Նեւատա եւ Արիզոնա նահանգներուն: Անկախ Փենսիլվանիա նահանգի արդիւնքէն, վերջին երեք նահանգներէն երկուքին մէջ եւս յաղթանակը բաւարար պիտի ըլլայ, որ ան ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրէ:
Կը նախատեսուի, որ ընտրութեան մասնակցութիւնը 66,9 առ հարիւր ըլլայ, ինչ որ անցնող 120 տարուան ընթացքին բարձրագոյնն է: