Յունական Տիտիմոթիխօ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը որդեգրած է բանաձեւ մը` համերաշխութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ դատապարտելով Արցախի վրայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումներն ու բռնարարքները: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ բանաձեւին մէջ քաղաքի իշխանութիւնները նաեւ կը դատապարտեն այն բոլոր կողմերը, որոնք աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Արցախի վրայ կատարուած յարձակումին: