Ռուսիան տարօրինակ կը նկատէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի զգացական արձագանգը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օտարերկրեայ վարձկաններու գոյութեան վերաբերեալ խօսքերուն: Այս մասին ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր աղբիւրը:
«Անկեղծ ըսելով` մեզի համար ընդհանրապէս հասկնալի չէ Ազրպէյճանի յարգարժան նախագահ Իլհամ Հայտարի Ալիեւի արձագանգը Սերկէյ Վիքթորի Լաւրովի մեկնաբանութեան: Ազրպէյճանի նախագահի օգնականները, թերեւս, անոր նիւթ մը ցոյց տուած են կամ ալ` իրենց սեփական մեկնաբանութիւնը ներկայացուցած», ըսած է գործակալութեան աղբիւրը:
«Նոյն ատեն, կը շարունակենք համոզուած ըլլալ, որ վարձկան-զինեալներու Անդրկովկաս ներթափանցումը կը սպառնայ շրջանի երկիրներու, ներառեալ` Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը կայունութեան ու անվտանգութեան», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը:
Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ սպանական «Ի.Էֆ.Ի.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Միջին Արեւելքէն եկած վարձկաններու թիւը կը հասնի երկու հազարի, յայտարարած էր, թէ կը ցաւի, որ բարձրաստիճան պաշտօնատարները այն երկիրներուն, որոնք պէտք է չէզոք ըլլան եւ գործեն ԵԱՀԿ-ի կողմէ իրենց տրուած լիազօրութեան հիման վրայ, կ՛օգտուին չհաստատուած այդ տեղեկատուութենէն եւ ըսի-ըսաւներէն:
«Ասիկա խտրական մօտեցում է, որ չի կրնար մեր կողմէ ընդունուիլ, ատիկա չի համապատասխաներ համանախագահներու լիազօրութեան: Ես բազմիցս ըսած եմ, որ միջնորդները պէտք է չէզոք ըլլան: Եթէ անոնք որեւէ մէկու կողմը կը բռնեն, ատիկա անոնց գործն է, սակայն այդ պարագային պէտք է դադրեցնեն միջնորդութիւնը: Ամէն երկիր կրնայ ունենալ լաւ կամ վատ վերաբերմունք որեւէ երկրի նկատմամբ: Մենք կը հասկնանք, որ որոշ պատճառներով որոշ երկիրներ յատուկ զգացումներ կը տածեն հայերուն նկատմամբ: Եթէ անոնք այդ մասին կը խօսին իրենց երկիրներուն անունով, ապա մենք ատոր դէմ չենք: Սակայն եթէ դուք միջնորդ էք, կը խնդրեմ` եղէ՛ք չէզոք եւ հեռու մնացէ՛ք մեղադրանքներէն:
«Եթէ մենք սկսինք մեղադրել անոնք, որոնք մեզ կը մեղադրեն վարձկաններու առնչուած, թէ ի՛նչ ըրած են աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ, ապա շատ երկար խնդիր պիտի ըլլայ: Մենք ատիկա չենք ըներ: Այդ պատճառով ալ գործընկերներէն նոյնը կ՛ակնկալենք», յայտարարած էր Ալիեւ: