Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօրավար Հիւսէյն Սալամի յայտարարած է, որ Ազրպէյճանին ու Հայաստանին նախազգուշացում տրուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մագլցումին լոյսին տակ Իրանի հետ սահմանային շրջանին մէջ ահաբեկիչներու ներկայութեան հարցով:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ զօր. Սալամին երէկ այցելած է Իրանի հիւսիսարեւմտեան սահման Արտապիլի նահանգին մէջ, որ մօտ է այն շրջաններուն, ուր վերջին շաբաթներուն մարտեր կ՛ընթանան:
Հրամանատարը ըսած է, որ սահմանային գօտի այցելած է` համոզուելու համար, որ Իրանի սահմանային շրջանի բնակիչները կը գտնուին լիարժէք անվտանգութեան մէջ:
Սահմանապահներու խումբի մը հետ հանդիպումէն ետք վերջինս յայտարարած է, որ Իրանի զինեալ ուժերը ամբողջութեամբ պատրաստ են` պաշտպանելու երկիրը բոլոր հանգամանքներուն մէջ եւ «վճռական պատասխան» պիտի տան որեւէ յարձակումի: