Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է պատշաճօրէն արձագանգելու «քաղաքական իսլամութեան» եւ վերջ տալու «դիւրըմբռնելի հանդուրժողականութեան»: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Քուրց եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է ապագային «աւելի շատ կեդրոնանալու քաղաքական իսլամութեան խնդիրին վրայ»` յայտարարելով, որ «քաղաքական իսլամութեան գաղափարախօսութիւնը վտանգաւոր է եւրոպական ազատութիւններուն եւ արժէքներուն համար»:
«Ես յոյսով եմ, որ մենք ականատես պիտի ըլլանք այդ դիւրըմբռնելի հանդուրժողականութեան աւարտին, եւ որ Եւրոպայի բոլոր երկիրները վերջապէս պիտի հասկնան, թէ որքա՛ն վտանգաւոր է քաղաքական իսլամութեան գաղափարախօսութիւնը մեր ազատութեան եւ եւրոպական կենսակերպին համար», գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին ըսած է Աւստրիոյ վարչապետը:
Խօսելով վերջերս Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան ոճրագործներէն մէկուն` 2019 թուականին Սուրիա մեկնելու եւ ՏԱՀԵՇ-ին միանալու փորձի համար բանտարկուած, սակայն աւելի ուշ վաղաժամկէտ ազատ արձակուած 20-ամեայ Ֆէյզուլա Քույըիմի մասին, Քուրց նշած է, որ դատարանը «ամբողջովին սխալ որոշում տուած է»:
«Եթէ ան ազատ չարձակուէր, ապա ահաբեկչութիւնը տեղի չէր ունենար», ըսած է Քուրց: